Սուրիոյ Վարչապետը Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսի Բացումին Հայաստանի Տաղաւար Այցելած է

Աշխարհ, Հայաստան

Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացումին՝ Սուրիոյ վարչապետ Իիմատ Խամիս այցելած է Հայաստանի տաղաւար։ Վարչապետը ընդունած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան։

Վկայակոչելով «Պիզնես Արմէնիա»-ի հանրային կապերու խումբը՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Սեպտեմբեր 6-15 Հայաստանը միասնական տաղաւարով կը մասնակցի Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին։ Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են մեքենաշինութեան, շինանիւթերու արտադրութեան, դեղագործութեան, սննդարդիւնաբերութեան ոլորտներու 33 ընկերութիւններու արտադրանքի նմուշներ ու գրացուցակներ։

Սուրիոյ վարչապետ Իիմատ Խամիս ողջունած է բարեկամ Հայաստանի մասնակցութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ ցուցահանդէսը նոր խթան պիտի ըլլայ հայ-սուրիական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման համար։ Դեսպան Արշակ Փոլատեան նշած է, որ մեր երկրի արտադրողները պատրաստ են առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար։

Հայաստանը պարգեւատրուած է մասնակցութեան համար։ Պարգեւը դեսպան Արշակ Փոլատեանին յանձնած է Սուրիոյ տնտեսութեան նախարար Մոհամմատ Սամեր ալ-Խալիլ։

Հայկական տաղաւարը գրաւած է բաշխողներու եւ խոշոր գնորդ-այցելուներու ուշադրութիւնը, որոնք յատկապէս հետաքրքրուած են սննդամթերքով, շինանիւթերով, վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ հայաստանեան ընկերութիւններու առաջարկներով։ Հաշուի առնելով ուժանիւթի արեւային համակարգերուն նկատմամբ մեծ հետաքրքութիւնը, Սեպտեմբեր 12-ին, հայկական տաղաւարին մէջ տեղի պիտի ունենայ շնորհանդէս, որուն ընթացքին «Շտիգեն» ընկերութեան տնօրէն Հայկ Շէկեան պիտի ներկայացնէ արտադրանքը, հզօրութիւնները, մրցունակութիւնը, արտահանման ներուժը։

Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցի 1700 ընկերութիւն՝ 48 երկրէ։