Վերամուտը՝ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Ներս

Սփիւռք
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութիւնը վերամուտը դիմաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Ազգ. Վարչութեան, Ճեմարանի Խնամակալութեան, Ուսումնական Խորհուրդին, Ճեմարանի Տնօրէնութեան, Ուսուցչական Կազմին եւ վարչական պատասխանատուներուն ներկայութեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։
 
Ճեմարանի տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ, ապա բոլոր աշակերտներուն աղօթագիրք նուիրեց՝ դիտել տալով որ աղօթագիրքը եթէ բարձի տակ պահուի, մեռեալ կը դառնայ, կուռքի կը վերածուի: Աղօթագիրքերը կարդալու, իրենց բովանդակած պատգամները մեր բարի ընթացքով կեանքի կոչելու համար են:
 
Աւարտին, տնօրէնը յայտարարեց, որ վերամուտին առիթով Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը Ճեմարանի աշակերտութեան անհրաժեշտ բոլոր տետրակները պիտի ապահովէ խորհրդանշական գումարներով: