Արմէն Սարգսեանն ու Արա Բաբլոյեան Քննարկած են Երկրին Մէջ Տիրող Ներքաղաքական Իրավիճակը

Հայաստան

Օգոստոս 28-ին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հանդիպման նախաձեռնութեան առաջարկով նախապէս հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը` երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին յայտարարութիւնով:

Խորհրդարանի ղեկավարը Հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուցած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախօրէին կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը արձանագրած են, որ խնդիրներու լուծման ուղղուած բոլոր քայլերը պէտք է ըլլան ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան, քաղաքական երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ քննարկումներու մթնոլորտի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, կարեւոր համարելով Սահմանադրութեան գերակայութեան հրամայականը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ խնդիրները լաւագոյնս կը լուծուին երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կողմերը կը յարգեն` հետեւողականօրէն կատարելով այդ պայմանաւորուածութիւններուն միտուած գործողութիւններ, ընթացքին դասեր քաղելով եւ արձանագրելով յաջողութիւնները: