«Սասնայ Ծռեր» Անունով Կուսակցութիւն Պիտի Ստեղծուի

Հայաստան

 «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութիւնը եւ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորումը կը նախաձեռնեն ստեղծել «Սասնայ ծռեր» անունով քաղաքական կուսակցութիւն մը եւ մասնակցիլ Ազգային ժողովի յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Օգոստոս 23-ին այս մասին յայտնեց «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման խօսնակ Վարուժան Աւետիսեան:

Ըստ անոր` կուսակցութեան նպատակն է դառնալ ազգային քաղաքական կեանքի առաջատար մասնակից:

«Սասնայ ծռեր» անուանումը կը խորհրդանշէ եւ կ՛արտայայտէ կուսակցութեան նպատակները, գաղափարական սկզբունքներն ու գործելակերպը: «Սասնայ ծռեր» անուանումը ցոյց կու տայ, որ կուսակցութիւնը պիտի ձգտի հայութիւնը համախմբել, «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի արտացոլուած հաւատամքային համակարգէն բխող, անոր համամարդկային առաքելութիւնը վերաստանձնելու նպատակի շուրջ: Ըստ այդ` կազմել ազգային ռազմավարութիւն եւ ձեւաւորել, եւ գործի դնել այն իրականացնելու ունակ համահայկական ցանցային կազմակերպուածք, որու միջուկն ու առանցքը պէտք է դառնայ հայկական պետութիւնը»,- ըսաւ Աւետիսեան:

Ըստ «Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան մտայաղացման` հայութիւնը ունի իր օրինակով արարչութեան լոյսը տարածելու եւ հաստատելու համամարդկային առաքելութիւնը:

«Ան պէտք է վերատիրանայ հայկական բարձրաւանդակին` ամբողջացնելով իր արարչագործական տարածքը, ստեղծէ յանուն ազգային իղձերու եւ մարդկային երջանկութեան գործող ինքնակառավարման համակարգ»,- ըսաւ ան:

Աւետիսեան նշեց, որ կուսակցութեան «Սասնայ ծռեր» անուանումը որեւէ կերպով պայմանաւորուած չէ «Սասնայ ծռեր» ռազմաքաղաքական խմբաւորման հետ` ժառանգորդութիւն ապահովելու հանգամանքով:

«Ընդհակառակը` այդ երկուքը վերը նշուած նոյն արժէքային գաղափարական արմատի ծնունդ են` մէկը որպէս գոյութենական սպառնալիքը չէզոքացնելու ճարահատեալ դրսեւորում, իսկ միւսը որպէս կառուցողական գործունէութիւն: Այս է պատճառը, որ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորումը ազգին ու պետութեան սպառնացող գոյութենական սպառնալիքի չէզոքացումէն ետք, ժողովուրդի իշխանութեան վերահաստատման ներկայ պայմաններու մէջ յայտարարեց զինուած պայքարի էջը փակելու եւ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող կառավարութեան աջակցելու մասին: Իսկ խմբաւորման բոլոր անդամներու ազատ արձակումէն ետք ընդհանրապէս պիտի լուծարուի»,- ընդգծեց ան:

Ան նաեւ աւելցուց, որ յառաջիկային պիտի ձեւաւորուի «Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան ստեղծման նախաձեռնող խումբ, որ պիտի մշակէ կուսակցութեան ծրագիրն ու յառաջիկայ ընելիքները: