Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայ-չինական Բարեկամութեան Դպրոցը

Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` անիկա կառուցուած է Չինաստանի  Ժողովրդական Հանրապետութեան աջակցութեամբ: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան աւարտէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ դպրոցի աշակերտներուն համար չինարէնի ուսուցումը մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ:

«Յայտնի ասացուածք կայ` քանի լեզու գիտես, այնքան մարդ ես: Չինարէնի իմացութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ` հասու ըլլալ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան պատմութեան հսկայական շերտի մը եւ ահռելի տեղեկատւութեան: Յոյս ունիմ, որ այս դպրոցը դառնայ այն խողովակը, որու միջոցով հայ ժողովուրդը առաւել խորութեամբ տեղեկանայ այն ահռելի ազդեցութեան, որ Չինաստանն ու չինական քաղաքակրթութիւնը ունեցած են մարդկութեանզարգացման վրայ»,- ընդգծած է վարչապետը:

Դպրոցին մէջ ուսուցումը պիտի կազմակերպուի վարժարանի օրինակով, ուսումնական հաստատութեան մէջ պիտի գործեն 5-12-րդ դասարաններ: Ուսումնական գործընթացի կազմակերպման համար չինարէնի ուսուցիչները պիտի հրաւիրուին Չինաստանէն: Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիէն Ըրլոնգի խօսքով` դպրոցը հայ-չինական լաւ յարաբերութիւններու ապացոյցն է:

«Թէեւ Չինաստանն ու Հայաստանը իրարմէ հեռու կը գտնուին, բայց երկու երկիրներն ալ ունին հնագոյն պատմութիւն եւ հարուստ մշակոյթ: Հայաստանի մէջ չինարէն սորվողներու թիւը 1000-էն աւելի է: Հայերէնի մէջ կայ չնաշխարհիկ բառը, որ բառացիօրէն կը թարգմանուի որպէս Չինաստան աշխարհի, եւ կը նշանակէ`հիասքանչ: Կը հաւատամ, որ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը իսկապէս չնաշխարհիկ դառնայ»,- նշեց դեսպանը:

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` յառաջիկային յայտնի պիտի դառնան այն երեխաներու անունները, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան յաճախելու այս դպրոց:

«Դիմորդներու թիւը շատ մեծ է, սակայն հնարաւորութիւնները սահմանափակ են: ծրագիրը մեր հանրակրթական դպրոցի ծրագիրն է, ուստի, կոչ կ՛ընեմ ծնողներուն, եթե իրենց երեխաները չեն ընդունուած այս դպրոց, զանոնք ուղարկել չինարենի ուսուցմամբ այլ դպրոցներ: Եթե չեմ սխալիր, այսօր եւս 6 այսպիսի դպրոց կայ»,- ըսաւ նախարարը:

Դպրոցը նախատեսուած է 405 աշակերտի համար: Անիկա ապահովուած է տարրալուծարաններով, լեզուի ուսուցման դասարաններով, գրադարանով, համակարգչային լսարաններով, պարասրահով, մշակութային կեդրոնով: Հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցին մէջ պիտի  գործէ նաեւ Չինաստանի թանգարան: