Ռոպերթ Քոչարեան Յայտարարեց Քաղաքականութիւն Վերադառնալու Մասին

Հայաստան

Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Օգոստոս 16-ին, «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանին տուած իր բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց իր՝ քաղաքականութեան դաշտ վերադառնալուն մասին, թէեւ՝ առանց ձեւաչափի յստակացումի: Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնաթող նախագահը կոչ ըրաւ բացայայտելու նախաքննական գաղտնիքը՝ Մարտ 1-ի գործի դատաքննութեան ընթացքին: Իր կարծիքով՝ պաշտպան փաստաբաններու խումբը «ջախջախած է» մեղադրանքը, որ, ըստ Քոչարեանի, կառուցուած է կեղծ եզրակացութիւններու վրայ:

Ան քաղաքականութիւն պիտի վերադառնայ իբրեւ անհա՞տ, թէ պիտի փորձէ քաղաքական ուժի ձեւաւորման մասին մտածել… Քոչարեան այս հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով. «Այդ վերադարձը կարող է լինել տարբեր ձեւաչափերով»: Ըստ իրեն՝ իր վերադարձը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակով:

«Նայեցէք՝ ո՞ւր է Հայաստանը եւ ի՞նչ երկիրներով շրջապատուած ենք, նաեւ նայեցէք մեր յարաբերութիւններու՝ այդ երկիրներու հետ»,- ըսաւ Քոչարեան՝ պարզաբանելով, որ ներկայիս ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները ամենացած մակարդակի վրայ են, Ամերիկա-Իրան յարաբերութիւնները՝ նոյնպէ՛ս, իսկ Թուրքիան ընդհանրապէս յարձակողական կեցուածք ընդունած է:

Leave a Reply