Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը

Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոսի երեկոյեան, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Հէյտարիի այցելութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէր դեսպանատան նոյն բաժինի խորհրդական Նեզիֆ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան եւ անդամներ Գագիկ Ջորջեան ու Վարդան Աբրահամեան:

Իրանի մէջ հայութեան հնագոյն բնակավայրերը Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ գտնուելով, մշակութային կցորդը յատուկ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ երկրին մէջ վաղ դարերէ ի վեր արմատաւորուած հայութեան անցեալի պատմութեան, եւ յատկապէս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացրուց մշակութային այն հսկայական ժառանգութեան, զոր հայեր կտակեր են Իրանին, վանքերու, եկեղեցիներու եւ այլ կոթողներու ձեւին տակ:

Առաջնորդ սրբազանը լայնօրէն անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեանց պահպանման պետական հիմնարկութեան եւ Իրանի եկեղեցիներու պահպանման հիմնարկութեան կողմէ կատարուող անդուլ ճիգերուն, մշակութային արժէք ներկայացնող կոթողները կանգուն պահելու համար: Այս մասին  ան յիշեց անցնող շաբաթներուն  Միացեալ Նահանգ-

ներու մէջ իր հեղինակած գրքի զոյգ շնորհանդէսները (Կլէնտէյլի եւ Ֆրէզնոյի մէջ) եւ Լոս Անճելըսի մէջ հեռատեսիլի միժամեայ ուղիղ հաղորդումով ունեցած հարցազրոյցը, ուր դարձեալ շեշտած էր պետական միջոցներով Իրանի կատարած մեծ վերանորոգութիւնները հայկական վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ:

Սրբազան հայրը նաեւ ցաւով անդրադարձաւ երբեմն հեռաւոր շրջաններուն մէջ հայկական սրբավայրերու նկատմամբ տեղի ունեցած աւերիչ եւ անպատասխանատու արարքներուն, որոնց կանխարգիլումը անհրաժեշտ համարեց ան, նկատի ունենալով որ քանդուող կոթողները միայն հայկական պատմութեան տուեալ էջի փակումը չեն, այլեւ Իրանի մշակութային հարստութեանց բնաջնջումը:

Մշակութային կցորդ Հէյտարի, ընդհանուր գիծերու մէջ իր պատկերացումը տուաւ մշակութային արժէքներու պահպանման եւ ապա մշակութային հարթակի վրայ համագործակցութեան երկկողմ ծրագիրներու մշակում կատարուեցաւ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

 

Leave a Reply