Պրայլի Աստուածաշունչ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին

Հայաստան, Սփիւռք

ՔԱՀԼ-ի (Center for Armenian Handicapped in Lebanon) տնօրէնութիւնը, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին նուիրեց Պրայլի համակարգով հայ աչազուրկներու համար պատրաստուած հայերէն Աստուածաշունչի հատորներու ժողովածուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ժողովածուն տպուած է 1953-57 տարիներուն:

«Հազուադէպ այս Աստուածաշունչը պիտի գրաւէ արժանի տեղ` Մայր Գրադարանի «Արեւ» ընթերցասրահին մէջ եւ իր անփոխարինելի հոգեւոր ծառայութիւնը պիտի մատուցանէ տեսողական խնդիրներ ունեցող մեր ընթերցողներուն»,- գրած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն  Տիգրան Զարգարեան՝ շնորհակալական իր նամակին մէջ։

Յառաջիկային կը ծրագրուի Ազգային գրադարանի աչազուրկներու բաժինը համալրել այլ հրատարակութիւններով եւս:

 

Leave a Reply