ԱՄԷ-ն կը Շարունակէ Բարեգործական Ծրագիրներ Իրականացնել Հայաստանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան ՆԳ Ժասիմ Մհամմատ Ալ Քասիմին՝ էմիրաթական Կարմիր Մահիկ բարեգործական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ հերթական ծրագիրը իրականացուցած է, այս անգամ Գիւմրիի մէջ։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Գիւմրիի «Շիրակ» կեդրոնի տնօրէն Վահան Թումասեանի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Գիւմրի քաղաքի շուրջ 250 աշակերտի տրամադրուած է հագուստ, պայուսակ եւ գրենական պիտոյքներ։

«Նման ծրագիրներու իրականացումը շարունակական պիտի ըլլայ, մեր բարեգործական ծրագիրներուն հիմնական թիրախը կը հանդիսանան անապահով երեխաները եւ առողջապահութեան ոլորտը»,- նշած է ԱՄԷ դեսպան Ալ Գասիմի։

 

Leave a Reply