Ուաշինկթըն Մարտ 1-ի Դէպքերուն Հետապնդումը Միջազգային Չափանիշներով Կատարելու Կոչ Կ՛ընէ

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներ հետեւողական կոչ ըրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ վերջիններս այդ (Մարտ 1-ի) իրադարձութիւններուն շուրջ վստահելի, լուրջ եւ անկախ հետաքննութիւն իրականացնեն։ Այս մասին, ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ի, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, ի պատասխան Հայաստանի երկրորդ նախագահին դէմ առաջադրուած՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքին մասին հարցումին:

«Մենք կը շարունակենք շեշտել մեր հայաստանեան գործընկերներուն, որ արդարադատութեան իրականացման ընթացքին կարեւոր է յարգել միջազգայնօրէն ճանչցուած չափանիշները», աւելցուցած է նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Յիշեցնենք, որ 2008ի Մարտ 1-2-ի գիշերը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն անմիջապէս յաջորդած զեկոյցին մէջ, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրած էր. «Կառավարութիւնն ու անոր ներկայացուցիչները իրականացուցած են կամայական եւ ապօրինի սպանութիւններ»:

«Բողոքարարներու, կողոպտիչներու եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներուն իբրեւ հետեւանք ապաննուած է առնուազն 10 հոգի՝ 8 քաղաքացի ու երկու ոստիկան: Տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են: Այդ 10 սպանութիւններուն հանգամանքները կը մնան չբացայայտուած», ըսուած էր նախարարութեան զեկոյցին մէջ:

 

Leave a Reply