Իտալիոյ Նախագահը Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան կատարած պետական այցին ծիրէն ներս՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մատարելա, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակին մօտ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կից գտնուող յիշատակի պուրակին մէջ նաեւ ծառ տնկեց՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

 

Leave a Reply