Եամա՜ն, Աստուա՛ծ, Ֆետան Եկաւ…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սերժ Մուրատեան

Հարիւր քսանմէկ տարի առաջ հայոց յանդգնութիւնը պատմական հատու արշաւանքի մը ընդմէջէն նոր նշանաձող նուաճեց: Այդ յանդգնութիւնը հարազատ արտացոլացումն է հայ յեղափոխականներու անդուլ կամքին ու բարձր կորովին, եւ հարկ է նշել, որ կրկնակի իմաստ ունի:

Առաջինը` 1896-ին յունիս ամսուն դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի ջոկատներուն կոտորածը` թուրք զօրքին եւ քիւրտ մազրիկ ցեղին միասնական դաւադրութեամբ, ոչ միայն ընկճուած հոգեվիճակ չառաջացուց, այլ վրէժխնդրութեամբ լեցուց հայ ֆետայիներուն սրտերը:

Երկրորդը` թուրք, ռուս եւ պարսիկ տէրութեանց ճնշումները եւ հաւանական արձագանգ քայլերը արհամարհելով, երկու հարիւր յիսունէն աւելի հայ կտրիճներ սուր եւ հրացան շալկած, Խանասորայ դաշտ արշաւեցին նահատակուած ընկերներուն վրէժը լուծելու եւ արդարութիւնը հաստատելու վեհ նպատակով: Թիրախը շատ յստակ էր, իսկ խնդիրը մէկ` մազրիկ ցեղի արական սեռի ներկայացուցիչները ահաբեկումի ենթարկել: Տասնամեակներ շարունակ շատ բան գրուեցաւ արշաւանքի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ իրականացման եղանակին մասին: Միտք չունիմ կրկնելով` ընթերցողներուն ձանձրոյթ պատճառել, այլ կ՛ուզեմ շեշտը դնել այն երեք կէտերուն վրայ, որ իր մէջ կը պարունակէ 25 յուլիս 1897-ը:

Իմ համեստ կարծիքովս, Խանասորայ արշաւանքի խորհուրդը երեք կարեւոր պատգամներ կը յղէ մեզի: Առաջինը` յատկանշական է, որ հայ մարտիկները թուրք եւ քիւրտ ջարդարարներուն պէս չվարուեցան` առանց խտրութեան մահ ու աւեր սփռելով, այլ` ցուցաբերեցին բարձր բարոյականութիւն եւ կարգապահութիւն, ցոյց տալով, որ հայ դաշնակցական ֆետային գաղափարի նուիրեալ մարտիկ է եւ իր նկարագիրը մաքուր պահելու նախանձախնդրութենէն մղուած` ապականիչ ստորնութիւններու չի դիմեր: Ուշագրաւ են նաեւ հայ յեղափոխականներուն գործադրած ռազմագիտական հմտութիւնները, որոնց շնորհիւ` մէկ գումարտակին համազօր արշաւախումբով կարելի եղաւ ամբողջ ցեղի մը վերջը դնել:

Երկրորդը` պատժական այս արշաւանքը իրաւամբ կարելի է նախաքայլը սեպել հայ յեղափոխութեան վրիժառական դրուագներու շարանին, որուն մաս կը կազմեն Սերոբ Աղբիւրի նահատակութեան արիւնալի հատուցումը, «Նեմեսիս» գործողութիւնը եւ այլն: Եւ երրորդը` թէեւ արշաւանքը ծրագրող եւ գործադրողը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր, սակայն դաշնակցական մարտիկները Խանասորայ դաշտ չմեկնեցան Պետոյի եւ անոր ջոկատին վրէժը լուծելու համար միայն, այլ` հնչակեան եւ արմենական իրենց զոհուած ընկերներուն, գալիք սերունդներուն պատգամելով, որ Հայ դատի պայքարը առանձին դաշնակցական, առանձին հնչակեան կամ արմենական պայքարը չէ, այլ միասնական պայքար է, միասնական խոյանք եւ ձգտում, որոնց հասնելու համար հրամայական են միջկուսակցական գործակցութիւնը եւ համախոհութիւնը:

Այս ամփոփ կէտերը ներկայացնելով` կը յուսամ, որ երիտասարդներս ի վիճակի պիտի ըլլանք հասուն գիտակցութեամբ պատմական դասեր քաղելու յաղթական արշաւանքէն եւ իւրացնել անոր խորհուրդը: «Եամա՜ն, Աստուա՛ծ, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք», սարսափ բուրող այս խօսքերը մեզ թող փոխադրեն 1897 թուական, Խանասորայ դաշտ, տեսնելու համար հայ ֆետայիներու ուժը եւ քաջութիւնը, իսկ հայ ազգի թշնամիներուն թող յիշեցնեն, որ հայու արիւնով ծարաւը յագեցնելու փափաքողները սեփական արեան մէջ կը խեղդուին:

 

Leave a Reply