Տեսակէտ. Ի Զուր Կը Սպասէք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Լատոյեան

Թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբէն մինչեւ օրս տակաւին կան մարդիկ, որոնք անհամբեր կը սպասեն Նիկոլ Փաշինեանի անկումին:

Յեղափոխութեան առաջին օրերուն հոս-հոն լսեցինք, որ յեղափոխականներուն մաս մը միասեռական է, մաս մըն ալ` Եհովայի վկաներ:

Յեղափոխութենէն ետք սկսանք լսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի քատրերը բոլորն ալ կասկածելի անցեալ ունին կամ սկանտալային պահածք:

Աւելի ուշ նախարարութեան նշանակումներու մէջ ալ ըսելիք ունեցան` մէկուն հասակը կարճ է, միւսը մշակոյթէ չի հասկնար, կրթական եւ սփիւռքի նախարարներու հասցէին տարբեր հաստատումներ եղան:

Փտածութեան դէմ պայքարն ալ կասկածի տակ առին. ինչո՞ւ այս պահուն այս անձը կամ ինչո՞ւ այս ընկերութիւնը եւ ոչ թէ ուրիշ մը:

Հիմա ըսեմ ըսելիքս:

Սիրելինե՛ր.

Որքան ալ բամբասէք, կասկածիք, թերահաւատ կամ քմծիծաղով մօտենաք, գիտցէք, լաւ գիտցէք, որ ժամանակը ի նպաստ փտածութեան դէմ պայքարին է:

20 միլիոն տոլարի տուրքերու վերստանալը առաջին 100 օրուան աշխատանքին մէջ էր: Այսպէս ըսած ստուերային իշխանութեան գլուխներուն, նախկին համակարգին վերաբերող բացայայտումները, Մանուէլ Գրիգորեանի տիպարի իրական պատկերի ընդգծումը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ թալանին մասնակցածներու սարսափը եւ վախը:

Սարսափի եւ վախի մէջ են բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն կամ մօտէն փտածութեան մեղսակից էին:

Մենք` դաշնակցականներս պէտք չէ մտահոգուինք, որովհետեւ մենք նախկին կառավարութեան մէջ եղած օրերուն արդէն դէմ էինք փտածութեան եւ կը դատապարտէինք: Ուրեմն թող վախնան անոնք միայն, որոնք գործակցած են կամ տակաւին կը գործակցին փտածոներուն հետ:

Ի զուր մի սպասէք Նիկոլի անկումին: Այդ ալ ըսեմ, որ եթէ Նիկոլը ձախողի այլընտրանքի վերադարձ նախկին համակարգը չէ եւ չի կրնար ըլլալ:

Ապագան Հայաստանի հպարտ եւ ազատ քաղաքացիներո՛ւն է:

 

Leave a Reply