ՀՅԴ Հայ Դատի ԱՄՆ-ի Գրասենեակի Տնօրէնը Ընդունած է ՀՀ Առաջին Փոխվարչապետը

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 17-ին, ՀՅԴ Հայ Դատի ԱՄՆ-ի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ գտնուող ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյանը` քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները:

Հանդիպումին, վարչապետին ընկերակցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան իր գործընկերները եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:

Կողմերը քննարկած են շրջանային մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու առնչուող հարցեր: Քննարկումի նիւթ դարձած են նաեւ Արցախի անվտանգութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերը, հայ-ամերիկեան քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման հեռանկարները: Փոխվարչապետը իր դիմատետրի էջով յայտնած է, որ հանդիպումը արդիւնաւէտ եղած է:

Leave a Reply