Կաշառակերութեան Դէմ Առնուած Քայլերուն Իբրեւ Արդիւնք Շուրջ 29,2 Միլիառ Դրամի Իրաւախախտում Բացայայտուած է

Հայաստան

Այս տարուան Մայիս 8-Յուլիս 20 երկարող ժամանակահատուածին՝ կաշառակերութեան դէմ  կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտուած է շուրջ 29,2 միլիառ դրամի իրաւախախտում: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, գրած է կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով ՀՀ վարչապետի օգնական Արէն Մկրտչեան:

«Ընթացիկ տարուան Մայիս 8-էն մինչեւ Յուլիս 20 կաշառակերութեան դէմ կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք բացայայտուած է, ընդհանուր առմամբ, շուրջ 29,2 միլիառ դրամի իրաւախախտում, որ կրած է պետութեան հասցուած վնասի, իւրացման, պաշտօնական դիրքի չարաշահման, կաշառքի բնոյթ: Աշխատանքը կը շարունակուի»,- նշած է Արէն Մկրտչեան:

Leave a Reply