Դաւիթ Տօնոյեան Նշանակուած է «Զինծառայողներու Ապահովագրութեան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշանակուած է «Զինծառայողներու ապահովագրութեան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ: Այս մասին կը յայտնեն նշեալ հիմնադրամէն:

««Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ը ուրախ է յայտնելու, որ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը, սոյն թուականի Յուլիս 19-ին, որոշում կայացուցած է հիմնադրամի խորհուրդի նախագահի պաշտօնին վրայ նշանակելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:

Վստահ ենք, որ նախարար Տօնոյեանի փորձառու առաջնորդութեան ներքոյ՝ Հիմնադրամի խորհուրդն ու աշխատակազմը ոչ միայն ջանասիրաբար պիտի շարունակեն իրականացնել Հիմնադրամի օրէնքով սահմանուած նպատակները, այլ նաեւ վերջինիս աշխատանքի արդիւնքները աւելի հասանելի պիտի դարձնեն հայ ժողովուրդի համար:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2018 թուականի Յունիս 15-ի թիւ 691-Ա որոշումով՝ պարոն Տօնոյեան նշանակուած էր Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Leave a Reply