Վրաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Պարգեւատրեց «Էտալոն» Ազգային Զարգացման Մրցոյթի Մրցանակակիր Միլենա Ադամեանը

Սփիւռք

Յուլիս 12-ին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան ընդունեց «Էտալոն» ազգային զարգացման մրցոյթի ծիրէն ներս երկրորդ տեղ գրաւած՝ Մառնէուլիի շրջանի Շահումեանի թիւ 1 հանրային դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Միլենա Ադամեանը եւ դպրոցի տնօրէն Արտուշ Ուրումեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան դիմատետրի պաշտօնական էջը։

Դեսպան Սադոյեան, շնորհաւորելով կարեւոր յաղթանակին առիթով, նշեց, որ կրկնակի հպարտութիւն կ՝ապրի, երբ հայ աշակերտը վրացերէն լեզուով իրականացուող մրցոյթին՝ հանրապետութեան մէջ կը գրաւէ երկրորդ պատուաւոր տեղը եւ այդ ձեւով օրինակ կը ծառայէ նաեւ մեր այլ հայրենակիցներու համար։

Ռուբէն Սադոյեան նաեւ նշեց, որ հետեւողական պէտք է ըլլալ, որպէսզի Միլենայի մօտ առկայ տաղանդը աւելի զարգանայ։

Միլենա Ադամեան՝ իր կարեւոր նուաճումին առիթով՝ ՀՀ դեսպանին կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Amazon Kindle» ելեկտրոնային ընթերցիչով։

Նշենք նաեւ, որ Միլենա Ադամեան առաջին տեղէն ետ մնացած էր միայն մէկ նիշով։

Leave a Reply