ՆԱԹՕ-ի Հռչակագիրը Կ՝անդրադառնայ Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Վրաստանին Ու Մոլտովային

Աշխարհ

ՆԱԹՕ-ի` Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի հռչակագիրը յօդուածով մը կ՝անդրադառնայ Հայաստանին եւ տարածաշրջանի երկիրներուն։ Հռչակագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ մեր բոլոր գործընկերներու իրաւունքին` անկախ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով` ազատ մնալով արտաքին ճնշումներէ եւ հարկադրանքէ:

Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: Այս ծիրին մէջ, մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի Հանրապետութեան մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին համապատասխան»:

Leave a Reply