Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակին, ինչպէս նաեւ Մուսա լերան հայութեան Այճնար տեղափոխադրութեան  80-ամեակին առիթով, Ֆրեզնոյի Մուսա Լեռ միութեան աւանդական տօնակատարութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 31 Օգոստոսի շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի գաւառային ոստիկանութեան […]

Աստուածածնի Վերափոխման Սուրբ Տօնին Առիթով՝ Ուխտերթ Դէպի Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք

  Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապեի, Օգոստոս 16-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, ուխտերթ կազմակերպուած է դէպի Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք։ Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Ուխտերթը կազմակերպած է Մեծի […]

«Հայրենիքի Պաշտպան» Նախաձեռնութեան Աջակիցներուն Շրջանակը Հատեց Հայաստանի Սահմանները

Միացեալ Նահանգներ ապրող Աշոտ Աւագեան մէկն է այն բարերարներէն, որոնք ականջալուր են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Հայրենիքի պաշտպան» ծրագիրին, եւ որոշած են աջակցութիւն տրամադրել հայրենիքի պաշտպանութեան ատեն հաշմանդամ դարձած […]

«Լիզպոն 5»-ի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Պոսթընի Մէջ

Կիրակի, Օգոստոս 4-ին, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ  Լիզպոնի գործողութեան նահատակուած հինգ հերոսներուն։ Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներկաները հաւաքուեցան, պատշաճ հաւաքով մը, նշելու նահատակուած հերոսներու 36-ամեակը։ […]

Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Եւ Գիտնականներու Ընկերակցութեան Գիտաժողովը Եւ Ցուցահանդէսը

Կլենտէյլի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարկ տալու նպատակով կայանալիք «Արհեստագիտութեան շաբաթ» (14-21 Սեպտեմբեր) ընդհանուր ծրագիրի ծիրին մէջ, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը նախաձեռնած է գիտաժողովի մը եւ ցուցահանդէսի մը կազմակերպման, որոնք […]

Լիզպոնի Գործողութեան 36-ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Այնճարի Մէջ

ՀՅԴ  ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ  Լիզպոնի գործողութեան 36-ամեակի ոգեկոչում` «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ […]

Կլենտէյլի Հայ Դատը Պիտի Մեծարէ Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեանը Եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Կիրակի, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, քաղաքին «Ռենըսանս» սրահին մէջ: Ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններ եւ տեղական […]

Շահումեանի Եւ Քաշաթաղի Մէջ 27 Բնակարան Եւ Դպրոց Պիտի Կառուցուի

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 7 օգոստոսին ընդունած է «Արցախ Ռութց ինվեսթմենթ – (ԱՌԻ) ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանն ու Վաչէ Մելքոնեանը: Քննարկուած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագիրներու Վերանորոգութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին իրագործման նիւթապէս կ՚աջակցի Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագրին ծիրէն […]

Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի Մարզամշակութային Փառատօն

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 2 Ըգոստոս 2019-ին տեղի ունեցաւ մարզամշակութային փառատօն, որ սկիզբ առաւ ժամը 4:30-ին, պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի վեթերան խումբերու մրցումներով, […]