Category: Սփիւռք
Հալէպի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համայնքապետները Նշեցին Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը
Հովանաւորութեամբ Հալէպի Եկեղեցիներու համայնքապետներու խորհուրդին, Ուրբաթ, Յունուար 24-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեամբ յիշատակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը, բնաբան ունենալով Առաքեալներու Գործերու 28-րդ գլխու առաջին համարը. «Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն […]
ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմակերպած Դասընթացքին Կը Մասնակցի 50 Երիտասարդ
Այս շաբաթավերջին, Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի խտացեալ եռօրեայ դասընթացք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին: Ցարդ արձանագրուած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 50 երիտասարդներ: Սեմինարի աւարտին […]
Բանակը Մեր Ժողովուրդին Պատիւն է, Պաշտպանն է, Արժանապատւութիւնն է, Կամքն ու Յոյսն է. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Այսօր հայոց բանակին 28-րդ տարեդարձն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով ջերմօրէն կ՚ողջունենք հայոց արի բանակը: Բանակի օրը հայութեա՛ն օրն է, […]
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Գիրքը Թարգմանուած է Նաեւ Ֆրանսերէնի
Փարիզի մէջ ներկայացուած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Սպանութեան հրամաններ» գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս առիթով ֆէյսպուքի իր էջին վրայ Աքչամ գրած է, որ մեծ պատիւ համարած է Հայաստանի […]
Մահացած է Թուրքիոյ 1-ին Արհեստավարժ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանը
90 տարեկանին մահացած է Թուրքիոյ 1-ին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» մականունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանը: 1930-ին ծնած Զաքարեան բռնցքամարտիկի ասպարէզը տեւած է 22 տարի: Ան այդ ընթացքին ունեցած է 200 սիրողական […]
Մարաշի Աղէտի 100-Ամեակին Առիթով Եկեղեցական Արարողութիւններ, Պաշտամունք Եւ Ոգեկոչումի Ձեռնարկ
Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով կիրակի, 26 Յունուար 2020-ին, տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն համար, Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ` […]
«Հայարտուն» Կեդրոնը Բերդաւանի Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Բանակի Օրուան Տօնակատարութեան
ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան սահմանամերձ գիւղի մշակոյթի պալատին մէջ, Յունուար 26-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց բանակի 28-րդ տարեդարձը: Համերգին ներկայ էին նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան եւ […]
Ան Մերժեց Ե՛ւ «Փաշայ» Տիտղոսը, Ե՛ւ Պահակախումբը. Այսօր Հայոց Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յիշատակի Օրն է
Այսօր հայոց պատմութեան ամենապայծառ դէմքերէն մէկուն՝ ականաւոր պետական, հասարակական գործիչ, Վանի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչ-ղեկավար, Վանի նահանգապետ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, նոյն հանրապետութեան կառավարութեան անդամ (Ներքին գործոց նախարար), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ […]
Սեւան Նշանեան Հանդիպում Ունեցաւ Թորոնթոյի Հայութեան Հետ
Թորոնթոյէն մեր պատուակալ աշխատակից Յարութիւն Դերձակեան կը տեղեկացնէ մեզի. «Թրքահայ յայտնի մտաւորական, լեզուաբան, հետազօտող, լրագրող, բառարանագէտ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Սեւան Նշանեան իր մայրը, քոյրը եւ հարազատները տեսնելու նպատակով, Թորոնթօ ժամանած է, […]
Ջանք Կը Տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Համար Դաշնակցային Աջակցութիւն Ապահովելու
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 28 Յունուարին ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 943 բանաձեւին վաւերացումը, որ եթէ Ծերակոյտին կողմէ եւս վաւերացուի եւ ստորագրուի նախագահին կողմէ, տարեկան 2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ […]










