Category: Սփիւռք
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաատան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը
Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը […]
Գիւմրին Պիտի Կ՛աջակցի Լիբանանահայերուն
Գիւմրին 1 միլիոն դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին պատճառով տուժած Լիբանանի հայ համայնքին։ Սոյն որոշումը տուաւ քաղաքի աւագանին: Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին՝ իբրեւ նուիրատուութիւն, որ […]
Հայաստան Հիմնադրամը Շուրջ 70 Հազար Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրած է Սուրիահայերուն
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յանձնեց շուրջ 70,000 տոլար, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայրենակիցներուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոնց ունեցած ծանր առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը […]
ՀՅԴ Բիւրոյէն Եւ ՀՕՄ-էն Աջակցութիւն` Սուրիոյ Ճեզիրէի Շրջաններուն
Նկատի ունենալով վերջին շրջանին Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ եւս «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարածումը, տնտեսական տագնապը եւ անոր անոնց հետ կապ ունեցող զանազան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատճառած Հասաքէի ջուրի տագնապը, Ճեզիրէի […]
Պիտի Ծառայեմ Հայրենիքիս Մինչեւ Վերջ․ Ազգային Հերոս Հրայր Հովակիմեան
Երեւանի քաղաքապետարանը կը ներկայացնէ հարցազրոյց ազգային հերոս Հրայր Հովակիմեանի հետ: Նախագահի հրամանագիրով բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի համար բժիշկ Հրայր Հովակուիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում: […]
Մոնթրէալի Մէջ Բացուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի Յուշարձանը
Սեպտեմբեր 5-ին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանի բացումը: Յուշարձանի քանդակագործը Մկրտիչ Տարաքճեանն է: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը։ Հայ ժողովրդական երգի հայրը` Կոմիտասը, ֆիզիկապէս վերապրեցաւ […]
Արամ Ա․Կաթողիկոսը Վերահաստատեց Անթիլիասի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Սուրիոյ Հայութեան
Արամ Ա. վեհափառը Օգոստոս 25-ին հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանին հետ, մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով։ Առաջնորդ սրբազանը կաթողիկոսին զեկոյց մը տուաւ համաճարակին եւ տնտեսական […]
Անիի Մայր Տաճարին Նուիրուած Առցանց Ներկայացում
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Անիի Մայր տաճարին նուիրուած առցանց ներկայացում, հովանաւորութեամբ՝ «Փիթըրզ» հիմնարկին։ Պիտի […]
Արցախը Ընդունած Է Լիբանանէն Ժամանած Առաջին Երկու Հայրենադարձ Ընտանիքները
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Օգոստոս 25-ին, հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագրերուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնեն ԱՀ Նախագահի մամուլի ծառայութենէն։ Զեկուցումով հանդէս եկած է Լիբանանի […]
ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Բժշկական Խումբը Հալէպի ԲԿ-ներուն Փոխանցած է Շուրջ 2 Թոն Բժշկական Պարագայ
Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 2020 Օգոստոս 24-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է աւելի քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագայ: Այս մասին կը […]










