Category: Սփիւռք
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու, երիտասարդական եւ ուսանողական […]
Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023ին՝ 550 Հիւրերով
Աւելի քան 600,000 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կալա 2023ին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 12-ին Տաղլեան սրահին մէջ եւ նշուեցաւ շրջանի հիմնադրութեան 40-ամեակը: ՀՕՄ-ի Արցախի, Հայաստանի, Ջաւախքի, […]
Նոր Ջուղայի Մէջ Սկիզբ Պիտի Առնեն Իրանահայ 32-րդ Գարնանային Խաղերը
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Կեդր. վարչութեան, կազմակերպութեամբ Գարնանային խաղերու Կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ նոյն միութեան բոլոր միաւորներուն, Մարտ 20-24, տեղի պիտի ունենան Իրանահայ 32-րդ Գարնանային խաղերը: […]
«Միւզիքըլ Արմինիա» Ծրագրի «Նաղաշ» Խումբին Ելոյթը՝ Նիւ Եորքի Մէջ
Շաբաթ, Մարտ 11-ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քերնըկի Հօլ»ի «Զէնքըլ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 38-րդ տարեկան համերգը։ Հայաստանէն «Նաղաշ» խումբը դիմաւորուեցաւ որոտընդոստ […]
Նինոծմինդայէն 11-ամեայ Ծովինար Եսայեանը Գրանցուեցաւ Հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ
Նինոծմինդայի շրջանի Փոկա գիւղի 11-ամեայ բնակչուհի տաղանդաւոր Ծովինար Եսայեանը իր իւրօրինակ ըլլալուն եւ երազանքներուն մասին NOR ռատիոկայանին պատմած էր ընդամէնը մէկ ամիս առաջ: Ծովինարի երազանքին կատարումը չուշացաւ: Այսօր գրանցուեցաւ հերթական […]
ԵԽ Կոչ Կ՝ընէ ԵՄ Խորհուրդին Պատժամիջոցներ Կիրառելու ազրպէյճանի Նկատմամբ, Եթէ Վերջինս Չկատարէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Որոշումը
Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստը Մարտ 15-ին ընդունած է ԵՄ-Հայաստան եւ ԵՄ-ազրպէյճան յարաբերութիւններու 2021-2022թթ. զեկոյցները, որոնք կ՝անդրադառնան Հայաստանի եւ ազրպէյճանի հետ ԵՄ յարաբերութիւններու առանցքային կէտերուն, Արցախի հակամարտութեան եւ տարածաշրջանին մէջ Եւրոմիութեան […]
Արամ Ա․ Յունաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած է Համայն Հայութեան Ջանքերուն Ուղղորդման Կարեւորութիւնը
Հովուապետական այցով Աթէնք գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Մարտ 15-ին այցելած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն՝ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգոր […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Թեմական Երեսփոխանական Ժողովին
Սփիւռքին պարզած գոյավիճակն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար՝ 2022-ն եւ 2023-ը, հռչակած էր «Սփիւռքի Տարի»՝ լուսարձակի տակ բերելու համար աշխարհացրիւ հայ գաղութներուն մտահոգութիւններն ու տագնապները: […]
Իսրայէլի Հայֆա Քաղաքին Մէջ Որոշուած է Տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը. Թուրքիան Կը Հակազդէ
Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի իշխանութիւնները որոշած են քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է թրքական «OdaTV» ընդդիմադիր լրատուամիջոցը՝ վկայակոչելով իսրայէլական «Ynet» կայքին մէջ […]
Մշակութային Աննախընթաց Ելոյթ Ի Պատիւ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի (նկարներ)
«ԱԶԱՏ ՕՐ» Աննախընթաց խանդավառ պահեր ապրեցաւ յունահայութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի այցելութեան առիթով։ Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ի երեկոյեան Նէա Զմիռնիի Լէոնտիօ վարժարանային համալիրի ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ, խուռներամ բազմութիւն […]










