Բակo Սահակեան Ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 24-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը, […]

«Օրինաց Երկիր» Կուսակցութիւնը Պիտի Մասնակցի Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին: ՕԵԿ-ի ընտրական ցուցակը պիտի գլխաւորէ կուսակցութեան փոխնախագահ Մհեր Շահգելդեանը: Կուսակցութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Մենք ենք ու մեր Երեւանը» կարգախօսով:

Թալիշի Բարերարը՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Անդամ Անդրանիկ Պաղտասարեան

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը յատուլ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ երկար տարիներու պատուոյ բարերարներէն Լոս Անճելըսաբնակ Անդրանիկ Պաղտասարեան գլխաւոր դեր կատարեց Ապրիլեան պատերազմին ծանր վնաս կրած Թալիշ գիւղի վերակառուցման գործին մէջ: […]

Գերմանիոյ եւ Հայաստանի 26-ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններուն Մէջ Գերմանիոյ Վարչապետին Այցը Աննախադէպ է

Օգոստոս 24-25-ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992-ի Յունուարին: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայկական կողմը 26 […]

Երեւան Հետաքրքրուած է S-400 Հրթիռային Համակարգերով. Ռազմական Վերլուծաբան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաuիթ Տօնոյեանի վերջին օրերու հանդիպումները Մոսկուայի մէջ կրնան հիմք ծառայել Հայաստանի և Ռուսիոյ միջև ռազմական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման համար։ Այս մասին Սփութնիք լրատուական կայքին յայտնեց ռազմական վերլուծաբան […]

Նոր Նշանակում Գերմանիոյ Հայոց Թեմէն Ներս

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, ազատուելով Շուէտի հայոց հովիւի պարտականութիւններէն, ծառայութեան կոչուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց թեմէն ներս՝ թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան տակ:

Նիկոլ Փաշինեան Սփիւռքահայ Երիտասարդներուն Հայաստան Վերադառնալու Կոչ Կ՛ուղղէ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր կը համարէ սփիւռքահայ բոլոր երիտասարդներու Հայաստան վերադառնալը: Այս մասին ան յայտարարեց Օգոստոս 23-ին  Ծաղկաձորի Գրողներու միութեան հիւրատան մէջ  «Քայլ դէպի տուն» ծրագրի փակման հանդիսաւոր արարողութեան […]

Արոնեան Կը Մնայ Սէյնթ Լուիսի Մրցաշարքի Առաջատար

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը Օգոստոս 23-ին հաղորդեց, թէ Հայաստանի ճատրակի լաւագոյն վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձեալ հաւասարութեամբ աւարտած է Սէյնթ Լուիսի մէջ կայացող «Սինքուէֆիլտ» հեղինակաւոր մրցաշարքին մէջ իր 5-րդ մրցումը: Ան […]

«Մենք Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենանք Մեր Ընկերոջ Շիրիմին Մօտ Զեկուցելու՝ Գործը Բացայայտուած է». Հրաչ Մուրատեան 55

Օգոստոս 23-ին, Ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանի ծննդեան օրն է. ան պիտի բոլորէր իր 55 տարին։ Հերոսի հարազատները, կուսակցական ընկերները, բարեկամներն ու համագիւղացիները եկած էին Պռոշեանի Զօրաց պանթէոն՝ յարգելու եւ խնկարկելու ընկերոջ […]

«Սասնայ Ծռեր» Անունով Կուսակցութիւն Պիտի Ստեղծուի

 «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութիւնը եւ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորումը կը նախաձեռնեն ստեղծել «Սասնայ ծռեր» անունով քաղաքական կուսակցութիւն մը եւ մասնակցիլ Ազգային ժողովի յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Օգոստոս 23-ին այս մասին յայտնեց «Սասնայ […]