Category: Հայաստան
Հայոց Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ Պիտի Կատարուի Շառլ Ազնաւուրի Հոգիի Խաղաղութեան Համար
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնած է Փարիզ (Ֆրանսա)` Հոկտեմբեր 5-ին եւ 6-ին մասնակցելու ՀՀ Ազգային հերոս, Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի […]
13.5 Միլիոն Տոլարի Ներդրում, 30 Աշխատատեղ ՏԱ Ոլորտին Մէջ. Ամերիկեան DISQO-ն Նոր Մասնաճիւղ կը Բանայ Հայաստանի Մէջ
DISQO-ն ՏԱ (Տեղեկատուական արհեստագիտութեան) ոլորտի ամերիկեան առաջատար ընկերութիւն է, որ, ստանալով 13.5 միլիոն ԱՄՆ տոլարի չափով ներդրում, նոր մասնաճիւղ կը հիմնէ Հայաստանի մէջ: Անիկա աշխարհի մէջ առաջատարն է սպառողներու առաջնային […]
ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ուսուցիչի Օրուան Նուիրուած Շնորհաւորական Ուղերձը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուսուցիչի օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. Սիրելի՛ ուսուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ […]
ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Ուսուցիչի Օրուան Առիթով
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուսուցիչի օրուան առիթով: ՀՀ նախագահի գրասենեակին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ ըսուած է. «Սիրելի՛ ուսուցիչներ, Ձեզի նուիրուած այսօրուան տօնը բոլորինս է, տօն, որուն մէջ […]
«Հայրենիքին Ընդհանրական, Գերագոյն ու Մնայուն Շահերը Հարկ է Վեր Նկատել Կուսակցական ու Ժամանակաւոր Շահերէ»․ Արամ Ա. Հայաստանեան Վերջին Զարգացումներուն Մասին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկած է հայաստանեան վերջին զարգացումներուն առնչուող հետեւեալ յայտարարութեամբ. Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Սփիւռքը դիտողի կրաւորական […]
Սեպտեմբերին Նախորդ Տարուան Համեմատ ՀՀ Երկու Օդակայաններուն Մէջ Ուղեւորահոսքը Աճած է 9.3 Տոկոսով
Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 278 719 մարդ` 2017 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 9.3 տոկոսով: Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ «Արմենիա Միջազգային Օդակայաններ» ընկերութենէն կը […]
Արենի Գինիի Փառատօնը` Հոկտեմբեր 6-ին. Անիկա Կը Նուիրուի Ազնաւուրի Յիշատակին
Հոկտեմբեր 6-ին արդէն 10-րդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Արենի գինիի փառատօն»-ը: Այս տարի անիկա կը նուիրուիէ ֆրանսահայ մեծանուն երգահան Շառլ Ազնաւուրին: Գինիի փառատօնը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Վայոց ձորի […]
Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակի Երեկոյ
Հոկտեմբեր 5-ին, ժամը 17:00-էն մինչ 21:00-ն Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակի երեկոյ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը՝ պիտի բացուի սգոյ մատեան` ի յիշատակ […]
Ֆելիքս Ցոլակեան Ընդունած է ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարի Պաշտօնը Ստանձնելու Առաջարկը
ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆելիքս Ցոլակեան ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առաջարկ ստացած է: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Ցոլակեան յայտնեց, որ ընդունած է առաջարկը: «Այո, նման առաջարկ ստացած եմ: Զայն […]
Հայաստանի եւ Իրանի Մաքսային Մարմինները կը Դիւրացնեն Երկկողմ Առեւտուրը
ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի եւ Իրանի մաքսային վարչութեան միջեւ փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու միջազգային փոխադրումներու վերաբերեալ նախնական ելեկտրոնային տուեալներու փոխանակման մասին արձանագրութիւնը հաստատելու մասին ՀՀ նախագահի հրամանագիրին: […]










