ԵՄ-ի ու IDeA Հիմնադրամի Համատեղ Ծրագիրը Տաւուշի Մէջ 31 Կայուն Աշխատատեղ Ստեղծելու Հնարաւորութիւն Տուած է

Եւրոպական Միութեան եւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համատեղ ջանքերով՝ Տաւուշի մարզի բնակիչներուն համար ստեղծուած է 31 կայուն աշխատատեղ։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն։ Եւրոմիութեան ու […]

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Հայերէնի Գրաւոր Խօսքի Զարգացման Դասընթաց

Փետրուար 26-Մարտ 1, Ստեփանակերտի «Արմատներ» կենսակեդրոնին մէջ («The Roots»), «Կովկասի ինստիտուտ»-ին կողմէ պիտի կազմակերպուի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութեան եւ ներկայացման հմտութիւններու […]

Միջազգային Գնորդները կը Ծանօթանան Հայաստանեան Նորաձեւութեան ու Կերպասեղէնի Արտադրանքին

«Բիզնես Արմէնիա»-ի աջակցութեամբ՝ Հայաստանի թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի 14 արտադրողներ, Փետրուար 25-28-ին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կը մասնակցին «CPM–Collection Premiere Moscow 2019» նորաձեւութեան եւ կերպասեղէնի արտադրանքի միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, […]

Հայոց Եռագոյնը՝ «Էմիրէյթս» Մարզադաշտին Մէջ «Արսենալ» – «Սաութհեմփթըն» Խաղին Ընթացքին (տեսանիւթ)

Փրեմիեր լիկայի 27-րդ խաղի «Արսենալ» – «Սաութհեմփթըն» մրցոյթին՝ «Էմիրէյթս» մարզադաշտի գովազդային վահանակներուն վրայ յայտնուած է հայոց եռագոյնը։ Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։ Խաղային ոլորտի համաշխարհային առաջատարներէն մէկը՝ BetConstruct ընկերութիւնը, վերջերս համագործակցութեան պայմանագիր կնքած […]

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Փետրուար 23-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը։ ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ […]

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութիւնը Պիտի Նշէ Իր Հիմնադրման 25-ամեակը

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը 7 Ապրիլին կազմակերպած է իր հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ մը: Տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան: Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը պիտի […]

Տիգրան Պետրոսեան «Աէրոֆլոթ Օփըն»-ի Հերթական Խաղին Յաղթանակ Տօնեց

Մոսկուայի մէջ կը շարունակուի ճատրակի «Աէրոֆլոթ» միջազգային մրցաշարը, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի շարք մը ներկայացուցիչներ: Մրցաշարի 6-րդ խաղին յաղթանակ տօնեցին Տիգրան Պետրոսեանը եւ Արամ Յակոբեանը: Իրենց խաղերը ոչ-ոքի արդիւնքով […]

Հայաստանի «Փիւնիկ» Միութեան 30-ամեակին Նուիրուած Դրամահաւաքի Ձեռնարկ Կլենտէյլի Մէջ

Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» հասարակական միութեան 30-ամեակին նուիրուած դրամահաւաքի նախաճաշ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 10-ին, կ.ե. ժամը 1-3, «Չեւի Չէյս Քանթրի Քլապ»ի հիւրընկալութեամբ (3067 E Chevy Chase Dr., Glendale, […]

Լին Թրէյսին Որպէս Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպան Երդում Տուաւ

Լին Թրէյսին որպէս Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան երդում տուած է` Թուիթըրի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային ներուժի եւ դիւանագիտական ծառայութեան գլխաւոր տնօրէն Քարոլ Զ. Փերեզը։ […]

Սփիւռքի Կարծիքը Ներկայացնող Մարմինը Պէտք է Ձեւաւորուի Ընտրութիւններով` Ողջ Սփիւռքի Մէջ. Կիրօ Մանոյեան

Եթէ Սփիւռքի կարծիքը ներկայացնող մարմին պիտի ըլլայ, ապա ան պէտք է ձեւաւորուի ընտրութիւններով: Այս մասին, ըստ «Նիուզ»-ի՝ Փետրուար 22-ին, «Հայաստան-սփիւռք․ յարաբերութիւններու փոփոխութիւն, աշխատանքային նոր ձեւաչափ» թեմայով քննարկման ժամանակ նշած է […]