Արցախեան Հիմնախնդիրը Մեզի Համար Ճակատագրական Նշանակութիւն Ունի. Բակօ Սահակեան

Մեր դիրքորոշման մասին, այս տարիներուն ընթացքին, մենք բազմիցս յայտնած ենք, որ թէ՛ տարածքներու եւ թէ՛ կարգավիճակի առումներով վերադարձ անցեալին պիտի չըլլայ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր, Խորհրդարանին մէջ կայացած լիագումար […]

Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք Հայրենիքի Անկախութիւնը, Անվտանգութիւնը եւ Արժանապատւութիւնը Պաշտպանելու Համար. ԱՀ Նախագահ

2018-ին Պաշտպանութեան բանակը յուսալիօրէն իրականացուցած է իր առջեւ դրուած առաջադրանքները՝ պահպանելով սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ պետութեան լիարժէք անվտանգութիւնը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր, Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանին մէջ կայացած լիագումար նիստին ժամանակ, […]

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսականներու Պատուիրակութիւնը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ապրիլ 17-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, տիկին Գայիանէ Աբրահամեանի եւ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմննարկ Հիմնադրամը Հանդէս Պիտի Գայ Հետաքրքրական Նախաձեռնութիւններով

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամը՝ տարուան ընթացքին՝ կը նախատեսէ իրականացնել միջազգային գիտաժողովներ, հրատարակել ցեղասպանագիտական հանդէսներ, իրականացնել մեթոտական սեմինարներ, ժամանակաւոր եւ հիմնական ցուցադրութիւններ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Ապրիլ 17-ին լրագրողներու հետ հանդիպման […]

Հրաչ Մուրատեանի Սպանութեան Գործի Վարոյթը Վերսկսած է. ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ Ներկայացուցիչ

Ապրիլ 2-ին լրացաւ Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքի ղեկավար, Արցախեան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրատեանի դաւադիր սպանութեան 6-րդ տարելիցը: Այդ օրը, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան առջեւ, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ն կազմակերպեց բողոքի ցոյց` պահանջելով […]

Հայաստան Պատրաստ է Սուրիոյ Մէջ Գործակցելու ՄԱԿ-ի Հետ

Հայաստանը պատրաստակամ է Սուրիոյ մէջ իր մարդասիրական առաքելութեան գործողութիւնները համադրել ՄԱԿ-ի կառոյցներու աշխատանքներուն հետ: Այդ մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան` ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի մշտական ներկայացուցիչ Տմիթրի Մարեասինի […]

Հայ-Ֆրանսական Կապերը Պիտի Համալրուին Նոր Նախաձեռնութիւններով

Հայ-ֆրանսական համագործակցութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովուի նոր նախաձեռնութիւններու միջոցով: ՀՀ ԱԳՆ փոխանցմամբ, այս հարցը Փարիզի մէջ քննարկած են ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան ու Ֆրանսայի` Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը […]

Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած է Սուրիոյ Նախագահը՝ Երկրի Ազգային Տօնին Առթիւ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` երկրի Ազգային տօնին առթիւ: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնած է, […]

Ոստիկաններու Աշխատավարձը Բարձրացած է Միջինը 20 Տոկոսով. Փաշինեան

Հայաստանի մէջ ոստիկաններու աշխատավարձը բարձրացած է միջինը 20 տոկոսով, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Ի դէպ, անցեալ տարուան Ապրիլ 16-ի մասին տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ […]

Ջաւախքի Ասպինձայի Շրջանի Միակ Հայաբնակ Գիւղին ՄԷջ «Արմաթ» Ճարտարագիտական Կեդրոն Կը Բացուի

Ջաւախքի Ասպինձայի շրջանի միակ հայաբնակ գիւղին` Տամալայի մէջ, Ապրիլ 20-ին տեղի պիտի ունենայ «Տամալայի օր» տօնախմբութիւնը եւ պիտի բացուի «Արմաթ» ճարտարագիտական կեդրոն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ դպրոցականներուն անվճար սորվիլ ճարտարագիտութիւն, եռաչափ […]