Category: Հայաստան
Պոլսոյ Խումբը Այս Տարի Համահայկական Խաղերուն Պիտի Չմասնակցի
Համահայկական խաղերու Պոլսոյ կարգադիր յանձնախումբի մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասուն յայտարարած է, որ Պոլսոյ մարզիկներու խումբը պիտի չի մասնակցի Արցախի մէջ կայանալիք Համահայկական խաղերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ […]
Գիւմրիի Մէջ Հագուստի Ոլորտին Գծով 5 Միլիառ Դրամի Ներդրումային Ծրագիր
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան կառավարութեան նիստին յայտնած է, որ «Լենտեքս» ընկերութիւնը 5 միլիառ դրամի չափով ներդրում կատարած է Գիւմրիի հագուստի արտադրութեան ոլորտին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Panarmenian.net-ը։ «Ներկայիս […]
Կազմուեցաւ Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ Խմբակցութիւնը
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 1 Օգոստոսին կազմուեցաւ Արցախի Աւստրալացի Բարեկամներ խմբակցութիւնը, որուն առ այժմ մաս կը կազմեն 40 յայտնի քաղաքական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ ու կրօնական առաջնորդներ։ Խմբակցութեան մաս […]
ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Պաղեստինի Եւ Իսրայէլի Մէջ Ընկերվար Միջազգայնականի Ժողովին
ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ 30-31 Յուլիսին Ռամալլայի եւ Թել Աւիւի մէջ գումարուած է Ընկերվար միջազգայնականի ժողովը` նուիրուած պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապի լուծման` «Երկու պետութիւն» սկզբունքով: Ժողովին մասնակցած են կուսակցութիւններ […]
Ամերիկեան Կառավարութիւնը Մտադիր Է Դադրեցնել Արցախին Տրամադրուող Ելեւմտական Աջակցութիւնը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մտահոգիչ հաղորդագրութիւններ ստացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութիւնը, որուն տրամադրումը նախապէս հաստատուած էր Քոնկրեսին կողմէ: Նախապէս […]
Հայաստանի Մէջ Պիտի Իրականացուին Միջազգային Բանակային Խաղերու «Խաղաղութեան Մարտիկ» Մրցումները
«Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարին ծիրէն ներս, Օգոստոս 3-15, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի իրականացուին «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումները: ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցումներուն պիտի մասնակցին […]
«Եռաբլուր»-ի Մէջ Պղծած Են Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուածներու Շիրմաքարերը
«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ՝ անյայտ անձեր պղծած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինծառայողներուն շիրմաքարերը. յատուկ նիւթով մը շիրմաքարերու նկարներուն վրայ եւ անոնց շուրջը բիծեր եղած են: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Facebook-ի վրայ այս մասին […]
Արցախի Ղեկավարութիւնը Լրջօրէն Կը Պատրաստուի Համահայկական Խաղերուն
Չորեքշաբթի, 31 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ անձնապէս կը վերահսկէ Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, այս անգամ հրաւիրեց ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ […]
Ցեղասպանութեան Թանգարանը Ցուցահանդէսով Պիտի Անդրադառնայ Առաջին Աշխարհամարտին Կռուած Հայ Ռազմիկներուն
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, Օգոստոս 31-ին, պիտի բացուի աւստրիացի հայագէտ, Զալցպըրկի համալսարանի Քրիստոնեայ Արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն, դոկտոր-փրոֆէսըր Եասմին Տում-Թրակուդի հետազօտական նախագիծը՝ ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը: Պիտի ներկայացուին պատկերագիրք՝ նուիրուած Առաջին աշխարհամարտի […]
ՀՀ Պետական Պիւտճէի Եկամուտները 152 Միլիառ Դրամով Աւելցած են
ՀՀ պետական պիւտճէի եկամուտները՝ 2019-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած են 25.1%-ով կամ 152 միլիառ դրամով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի պաշտօնական էջը: «2019-ի առաջին […]










