Առաջ Կը Շարժինք Բաւական Լաւ Քայլերով. Փաշինեանը Տնտեսական Ցուցանիշներ Ներկայացուցած է

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Յուլիս ամսուան տնտեսական ցուցանիշները՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը առաջ կը շարժի բաւական լաւ քայլերով: Վարչապետը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.

«Յուլիսի տնտեսական թիւերը բաւական տպաւորիչ են: Ունինք Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշ՝ 8.1 տոկոս: Ասիկա հրաշալի թիւ է:

Բացի այդ՝

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալի աճ՝ 16.1 տոկոս,
Շինարարութեան աճ՝ 4.1 տոկոս,
Առեւտուրի շրջանառութեան աճ՝ 9.1 տոկոս,
Ծառայութիւններու աճ՝ 14.9 տոկոս,
Միջին անուանական աշխատավարձի աճ՝ 8 տոկոս,
Արտահանման աճ՝ 19.5 տոկոս:

Ասոնք իսկապէս շատ լաւ թիւեր են: Հասկնալի է, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ մենք բոլոր հարցերը լուծած ենք: Ասիկա կը նշանակէ, որ առաջ կը շարժինք, բաւական լաւ քայլերով»։