Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Մնալ Արցախի Ժողովուրդի Գոյութեան Սպառնալիքը. Զոհրապ Մնացականեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք մինչ օրս արտայայտուած են նաեւ ուժի կիրառումով, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Օգոստոս 27-ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտարարած է ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքին ընթացքին:

«Հայաստանը հանդէս կու  գայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման դիրքերէն, սակայն չի կրնար ընդունիլ Ատրպէյճանի կողմէ բացայայտ կամ քօղարկուած ուժի կիրառման սպառնալիքները, եւ հրադադարը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում: Լարուածութեան պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի ջանքերը կը խոչընդոտեն խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման, եւ, ըստ այդմ, չեն նպաստեր հիմնախնդրի տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման: Ատրպէյճանը իր անփոփոխ հայատեաց քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան սպառնալիքը: Խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, եւ ՀՀ-ն ու Արցախը ունին բաւարար ուժ՝ խաղաղութեան ապահովման համար»,- նշած է Մնացականեան: