Իրավիճակը Կառավարելի Կը Մնայ, Եթէ Մարդիկ Հետեւին Խորհուրդներուն․ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարար

 ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի համար յատկացուած հիւանդանոցային մահճակալները այս պահուն ծանրաբեռնուած է կիսով չափ: «Եթէ կարենանք այս ընթացքը պահել, […]

Արցախի Մէջ Վարակի Հաստատման Նոր Դէպքեր Չեն Արձանագրուած

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս պահուն բուժհիմնարկներու եւ նախատեսուած մեկուսարաններու մէջ մեկուսացուած քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը 10 է, չեն արձանագրուած վարակի հաստատման նոր դէպքեր:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Մերժելի Կը Գտնէ Գարեգին Բ.ի Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Սանձազերծուած Արշաւը

15 Ապրիլին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ օրեր առաջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը՝ […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի Հարցով եւ Համավարակի Դէմ Պայքարի Օժանդակութեանց Գծով Խորհրդակցեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներու Հետ

Ապրիլ 15-ին, Գանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչի հրաւէրով կայացաւ տեսակապով հանդիպում, որուն մասնակցեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ Հէտի Ֆրայ, Ռանտիփ Սարայ եւ […]

Արցախի Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Փրկելու Կոչ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն՝ անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան առաջարկը փրկելու նպատակով ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ։ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար Պայքարը Երբեք Պիտի Չդադրի. Մնացականեան

ՀՀ կառավարութիւնը կը փորձէ տարբերակներ գտնել Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը Հայաստանի եւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ ոգեկոչելու համար: «Արմենփրես»-ի փոխացմամբ` այս մասին ըսած […]

ՀՅԴ ՀԵՄ-ը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Կոչ Կ՛ընեն Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին Մոմեր Վառելու եւ Պատուհաններուն Դնելու

ՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է տեղեկացնելով, որ այս տարի անհնար է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները: Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի. «Սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին […]

Փաշինեան Շնորհաւորած է Անկախ եւ Ժողովրդավար Արցախի Ժողովուրդը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Արցախի ժողովուրդը` ընտրութիւնները աւարտին հասցնելու առիթով` նշելով, որ Հայաստանը կը շարունակէ Արցախի հետ սերտ համագործակցութիւնը` ընդհանուր նպատակներուն հասնելու համար: Այս մասին Փաշինեան գրած է […]

Քիմիական Բնագիտութեան Հիմնարկը Նոր Սերունդի Ախտահանիչ Մշակած է

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Նալբանդեանի անուան քիմիական ֆիզիկայի ինստիտուտ (բնագիտութեան հիմնարկը-ԵՌԳ․) նոր սերունդի` քլոր չպարունակող եւ գործօն թթուածինի հիմքով ախտահանիչ մշակուած է: ԳԱԱ-էն կը յայտնեն, որ մատչելի եւ բնապահպանական […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Տիար Արայիկ Յարութիւնեանի Ընտրութիւնը Իբրեւ Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր վսեմաշուք նախագահ տիար Արայիկ Յարութիւնեանին ուղղած նամակով մը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը։ Իր նամակին մէջ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Արցախի հանրապետութեան ամրացումը, […]