Ականի Պայթիւնէն Զոհուած է Զինծառայող Տարօն Պօղոսեանը

Հայաստան

Մայիս 4-ին` ժամը 19:05-ի մօտ, ականի պայթիւնէն մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պայմանագրային զինծառայող, 1988-ի ծնունդ Տարօն Ռուբիկի Պօղոսեանը, կը տեղեկացնէ «Եռագոյն»-ը՝ վկայակոչելով Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Ըստ NEWS.am–ի՝ 32–ամեայ Տարօնը ամուսնացած էր, ունէր 3 մանկահասակ երեխաներ, ըսած է Արարատի մարզի Ոսկետափ համայնքի ղեկավար Սարգիս Աբրահամեան:

«Տարոնը Վազգէն Սարգսանի անուան ռազմական հիմնարկը աւարտած էր, կոչումով աւագ սպայ էր: Գիւղին մէջ իմացան, ըսին` սպայ մը զոհուած է, հասկցանք, որ ինքն է»,– ըսած է համայքին ղեկավարը: