Մայիս 4-էն Պիտի Հանուին Մարդոց Ազատ Տեղաշարժի Սահմանափակումները

Հայաստան

Երկուշաբթի օրուընէ տեղաշարժման թերթիկներ լրացնելու անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ, «Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ՝ կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Տնտեսութեան փոխնախարար Վարոս Սիմոնեանի փոխանցմամբ, թէեւ մարդոց ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները պիտի հանուին, սակայն հանրային փոխադրամիջոցները պիտի շարունակեն չաշխատիլ․ «Այս փուլին չէ թոյլատրուած հանրային փոխադրամիջոցները, քանի որ ան շատ բարձր վտանգ ունեցող տնտեսական գործունէութեան տեսակ է, որ թոյլ կու տայ շատ արագ կերպով տարածել համավարակը: Մեր բոլոր գործողութիւնները ուղղուած եղած են եւ կը  շարունակեն մնալ համավարակի տարածման այդ շղթան․․․ կոտրելու ուղղութեամբ»:

Կը հանուին նաեւ սահմանափակումները տնտեսական գործունէութեան գրեթէ բոլոր տեսակներու վերաբերեալ, պիտի շարունակեն փակ մնալ մոլերը: Գրեթէ սահմանափակումներ պիտի չըլլան մանրածախ ու մեծածախ առեւտուրի մէջ, պիտի բացուի մշակող արդիւնաբերութիւնը` գործունէութեան բոլոր տեսակներով: Պիտի գործեն այն ճաշարանները, սրճարանները, որոնք պիտի ունենան բացօթեայ տարածք:

Անհատական ծառայութիւնները, օրինակ` մաքրման ծառայութիւններ, վարսավիրանոցներ, եւս պիտի թոյլատրուին․ «Ասիկա կարելի է դիտարկել իւրայատուկ փորձի ձեւով, որովհետեւ մենք կ՛երթանք սահմանափակումներու թուլացման, բայց միեւնոյն ժամանակ բոլորս` թէ՛ տնտեսվարողները, թէ՛ քաղաքացիները պէտք է ցուցաբերեն բարձր գիտակցութիւն եւ կարգապահութիւն: Ատկէ կախուած պիտի ըլլայ` մենք պիտի շարունակե՞նք պահպանել մեղմ սահմանափակումներու կարգը, թէ՞ պիտի վերադառնանք աւելի խիստ սահմանափակումներու»:

Առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեան կը յորդորէ բոլոր քաղաքացիները աւելի պատասխանատութեամբ մօտենալ անվտանգութեան կանոններուն, որպէսզի սահմանափակումներու մեղմացումը վարակակիրներու թիւի կտրուկ աճի չյանգեցնէ․ «Արդէն իսկ սահմանուած էր ուղեցոյց, թէ աշխատավայրերու մէջ ինչպիսի կանոններ պիտի գործեն: Սկզբունքները հիմնականօրէն նոյնն են բոլոր տեսակի գործունէութիւններու ժամանակ` ապահովել ընկերային հեռաւորութիւնը աշխատողներու միջեւ, ինչպէս եւ յաճախորդներու հետ աշխատանքներու ընթացքին, ատիկա առողջապահական տարբեր նախաձեռնութիւններու իրականացումն է աշխատավայրի մէջ»: