Թշնամիի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է

Դեկտեմբեր 4-ին, ժամը 14։35-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ-ն  կրակած է Բարձրունիի (Վայոց Ձորի մարզ) հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Գերասիմ Աւետիքի […]

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորին Հետ Քննարկած է ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերու Վերադարձի Հարցը

Դեկտեմբեր 4-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ժոֆրուա Տիտիէն՝ ուղեկցութեամբ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըգոդինյիի։ Հանդիպման […]

ազրպէյճանը Յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն Եկեղեցին Իբրեւ Աղուանական Վերականգնելու Մասին

ազրպէյճանը յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն եկեղեցին իբրեւ աղուանական վերականգնելու մասին։ Այս մասին իր Facebook-ի էջով կը հաղորդէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական խորհուրդը։ Ըստ Հադրութ քաղաքի նորամշակ գլխաւոր հատակագիծին՝ […]

ազրպէյճանը Կը Ծրագրէ Վերացնել Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները ԼՂ-ի Մէջ. ՄԱԿ-ի Զեկուցող

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ մշտական ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակած է ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի հաղորդագրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին […]

Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք` Եւրուսաղէմի Հին Քաղաքին Մէջ Գտնուող «Հայկական Պարտէզներու» Խնդիրին Արդար Լուծում Ապահովելու․ Զախարովա

Ռուսիան չափազանց մտահոգուած է այն տեղեկութեան նկատմամբ, որ Երուսաղէմի մէջ յաճախակի դարձած են քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ սադրանքները: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր […]

«Քամփ Արմէն»-ի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ,  թէ Շաբաթ,  Նոյեմբեր 4-ին, Պոլսոյ Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող «Քամփ Արմէն»-ի վերակառուցման հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուած է, մասնակցութեամբ Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական […]

Հայաստանը 8 Մետալ Ապահոված է Երեւանի Մէջ Ընթացող Բռնցքամարտի Պատանեկան ԱԱ-ին

Բռնցքամարտի Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը կը պայքարի Երեւանի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան ութ մետալի համար: Այս մասին կը հաղորդէ yerkir.am-ը։ Հայաստանի խումբին համար արդէն իսկ երկու մետալ ապահոված են Ալպերթ Յարութիւնեանն […]

Եւրոխորհրդարանի Յանձնաժողովը ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Կոչ Ըրած է

Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման եւ ընդհանուր արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկոյցները, որոնք կը դատապարտեն ազրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական […]

Արցախցի 30 Երեխայ Կիպրոս Պիտի Մեկնի՝ Երկրի Կառավարութեան Հրաւէրով

Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութիւնը դրական արձագանգած է Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահդեսեանի առաջարկին՝ ընդունելու Արցախէն բռնի տեղահանուած 30 երեխայ (12-17 տ) եւ անոնց ուղեկցող 3 պատասխանատու՝ Կիպրոսի […]

ԿԽՄԿ-ն Այցելած է պաքուի Մէջ Կալանաւորուած Արցախցի Նախկին Պաշտօնեաներուն

Նոյեմբերին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտի (ԿԽՄԿ) աշխատակիցները կրկին այցելած են պաքուի մէջ գտնուող արցախցի նախկին պաշտօնեաներուն։ Այս մասին, ըստ ABCmedia-ին, յայտնած է ԿԽՄԿ-ի ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար […]