2 Ոսկի, 2 Արծաթ, 4 Պրոնզ Մետալ՝ Խուլերու Ըմբշամարտի Աշխարհի Առաջնութենէն

«Խուլերու հայկական սպորտային կոմիտէ»-ի ներկայացուցիչները Սեպտեմբեր 2-12 Խըրխըզստանի մայրքաղաք Պիշքեգի մէջ մասնակցած են խուլերու ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան եւ նուաճած 2 ոսկի, 2 արծաթ, 4 պրոնզ մետալ: Armsport.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մեծահասակներու […]

Երկարաժամկէտ Հեռանկարով Վստահութիւնը Աւելի Մեծ Արժէք Ունի, Քան Մենատիրական Վարչաձեւի Քարիւղին եւ Կազին Վրայ Յոյս Դնելը․ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵՄ վերջին յայտարարութիւնը։ Անոր տարածման ժամանակն ու բովանդակութիւնը արդարացուած չեն՝ հաշուի առնելով Արցախի մէջ շարունակուող մարդկայնական սուր ճգնաժամը։ […]

Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ին Կոչ Կ՝ընէ Հասնելու Բերձորի Միջանցքի Բացման

Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ ԵԱՀԿ-ին հասնելու Բերձորի միջանցքի բացման։ Այս մասին, ըստ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան X-ի, յայտարարած է կազմակերպութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանը։ «Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յանձնարարութեամբ Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ ԵԱՀԿ-ին […]

Մենք Չենք Կրնար Այլ Ուղղութեամբ Նայիլ, Երբ Հայ Ժողովուրդը Արցախի Մէջ Կը Տառապի Մարդկայնական Ճգնաժամէ․ Ուրուկուէյի ՊՆ

Ուրուկուէյի պաշտպանութեան նախարար Խաւիեր Կարսիան Պուէնոս Այրէսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղարար գործողութիւններուն նուիրուած Լատինական Ամերիկայի եւ Գարիպեան աւազանի համաժողովին ժամանակ անդրադարձած է ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման։ Այս մասին յայտնած է […]

Բերձորի Միջանցքը Բանալու Ուղղութեամբ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Նորութիւն Չկայ. Դաւիթ Բաբայեան

Բերձորի միջանցքը բանալու ուղղութեամբ այս պահուն ալ բանակցութիւնները կը շարունակուին, դեռ նորութիւն չկայ: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան: Ան նշած է, որ կը սպասեն նորութիւններու, […]

Ռուսական Մարդասիրական Օգնութիւնը Ասկերանի Ճամբով Հասաւ Արցախ

Սեպտեմբեր 12-ին ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը Ասկերանի ճամբով կրցաւ մուտք գործել Արցախ։ Ստեփանակերտի տեղեկութիւններով՝ Ռուսիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական […]

«Արծիւ Գործընկեր-2023» Հայ-ամերիկեան Զօրավարժութիւնը Սկսած է

Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցութեան նախապատրաստման ծիրէն ներս՝ Սպտեմբեր 11-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ բաժանմունքի «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ ազդարարուած է «Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան զօրավարժութեան սկիզբը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած […]

Դերասան Մարք Ռուֆալոն Արձագանգած է Քարտաշեանի՝ Արցախին Սատարելու Կոչին

Ամերիկացի դերասան, ֆիլմարտադրող Մարք Ռուֆալոն X հասարակական ցանցի իր էջին վրայ կիսուած է Քիմ Քարտաշեանի կոչով, որմով հայուհին դիմած էր ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ խնդրելով կանգնեցնել երկրորդ հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ասիկա […]

Քիմ Քարտաշեանն ու Էրիք Իսրայէլեանը Պայտընին Կոչ Կ՝ընեն Կանխելու Երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը եւ ֆիլմարտադրող Էրիք Իսրայէլեանը ուղերձ յղած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ յոյս յայտնելով, որ ան կը կանխէ երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւն։ «ՄԵՆՔ ՀԱՅ ԵՆՔ. Մենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը […]

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Եւրոպայի Րաբբիական Կեդրոնի Արցախի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Սեպտեմբեր 7-ին տարածած յայտարարութեամբ իր խոր ափսոսանքը կը յայտնէ Եւրոպայի րաբբիական կեդրոնի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին յայտարարութեան վերաբերեալ եւ խստօրէն կը դատապարտէ զայն։ ՀՅԴ […]