Հայ Դատը Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ՝ Իսրայէլէն Ատրպէյճան Արտածուող Զէնքերու Հարցով

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնական հետաքննութիւն բանայ Իսրայէլէն Ատրպէյճան կատարուած հաւանական ապօրինի արտածումներուն հարցով, որոնք կրնան կապ ունենալ 2017-ի Յուլիսին՝ իսրայէլեան […]

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Մտաւորականին Թուրքիան Ներառած է Վտանգաւոր Յանցագործներու Ցուցակին Մէջ

Թրքական «Belge» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, «Özgür Gündem» լրատուամիջոցի սիւնակագիր յայտնի իրաւապաշտպան, մտաւորական Ռագըփ Զարաքօլու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ներառուած է հետախուզման մէջ գտնուող առաւել վտանգաւոր յանցագործներու ցանկին` «կարմիր ցուցակ»-ին մէջ: Այս որոշումը […]

Հայաստան Ներգրաւուած է Բրիտանական Խորհուրդի Creative Spark Ծրագրին Մէջ

Creative Spark («Ստեղծարար միտք») խորագիրով ծրագրի իրականացման ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 4-ին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցին Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մշակոյթի նախարար […]

Վանի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Պատարագին Պիտի Մասնակցի Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը

Սեպտեմբեր 9-ին երեք տարուան ընդմիջումէն ետք Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կրկին պատարագ պիտի մատուցուի: Պատարագին պիտի մասնակցին Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաններ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյը, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը: Նախարար Էրսոյի մասնակցութիւնը Հայ առաքելական […]

«Ռուսիան Սուրիոյ Մէջ Վերջնական Նպատակներու Հարցով Տարակարծիք Է Թուրքիոյ Եւ Իրանի Հետ» Ըսաւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Ռուսիան Սուրիոյ մէջ վերջնական նպատակներու հարցով տարակարծիք է Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ, սակայն երեք երկիրներն ալ կ՛ուզեն վերջ տալ պատերազմին»: «Ասթանայի ձեւաչափին մէջ […]

Հոլանտայէն Արտաքսուող Հայ Երեխաներուն Հայաստան Պատրաստ Է Պատշաճ Խնամք Ապահովել

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթականական պետական ծառայութիւնը տեղեակ է Հոլանտայէն երկու հայ երեխաներու՝ 13-ամեայ Յովիկին եւ 12-ամեայ Լիլիին արտաքսելու որոշման մասին: Երեխաներու մայրը՝ Արմինէ Համբարձումեան աւելի կանուխ արտաքսուած […]

Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներուն Բողոքագիր Յղած է` Տէն Պիլզերեանի Ղարաբաղ Այցելութեան Առնչութեամբ

Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է  Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր  յանձնած են նախարարութեան բողոքագիրը` ուղղուած ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան` ԱՄՆ քաղաքացի Տէն Պիլզերեանի` Լեռնային Ղարաբաղ […]

Ամերիկեան Papa John’s-ը, Domino’s-ը, Baskin Robbins-ը Մտադիր Են Հայկական Շուկայ Մտնելու

Երեք ամերիկեան ընկերութիւն` Papa John’s Pizza-ն, Baskin Robbins-ը եւ Domino’s Pizza-ն, մտադիր են հայաստանեան շուկայ մտնելու: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ նահանգներու դեսպանատան մամուլի ծառայութիւնը: Սեպտեմբեր 5-ին դեսպանատունը […]

ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութան Շրջանակը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Արցախի Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձի Առիթով

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը: Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ  Արցախը որպէս պետութիւն իր անկախութիւնը հռչակած է Խորհրդային Ատրպէյճանի […]

Իսրայէլեան Հրթիռային Նոր Յարձակումներ` Թարթուսի Եւ Համայի Մէջ Դիրքերու Վրայ. Ռուսական Տուման Կը Դատապարտէ

Երէկ սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համայի գիւղական Ուատի Ույուն շրջանին մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են: Սուրիոյ մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը տեղեկացուց, որ Միջերկրական ծովէն արձակուած հրթիռները անցած են […]