Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Աշխատանքը Ժողովրդավարութեան Խթանման Գերազանց Օրինակ է. Եւրոմիութեան Յայտարարութիւնը

Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ բարձրաստիճան համաժողովին ընթացքին տարածուած է եւրոմիութեան նոր յայտարարութիւնը խօսքի եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան վերաբերեալ: Եւրոպական միութեան եւ անոր անդամ երկիրներու անունով այդ յայտարարութիւնը, Սեպտեմբեր 17-ին, հրապարակած […]

Արարատ Լերան Լանջին Ծայր Առած Հրդեհը Տեսանելի է Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքէն (տեսանիւթ)

Արարատ լերան լանջին մեծ հրդեհ բռնկած է, որ տեսանելի է նոյնիսկ ՀՀ սահմանամերձ տարածքներէն, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”-ը: Թրքական մամուլի հաղորդմամբ, հրդեհը բռնկած է դեռեւս Սեպտեմբեր 14-ին: Անիկա, որ կը զբաղեցնէ […]

ՄԱԿ Զեկոյց. Հայաստան Զարգացման Բարձր Մակարդակով Երկիրներու Ցանկին Մէջ է

Հայաստան զարգացման բարձր մակարդակով երկիրներու ցանկին մէջ է: Այդ մասին ըսուած է մարդկային ներուժի զարգացման վերաբերեալ ՄԱԿ Զարգացման ծրագրի զեկոյցին մէջ: Հայաստան 0.755 ցուցանիշով կը զբաղեցնէ 83-րդ տեղը` կիսելով այն Թայլանտի հետ: Հիմնական ցուցանիշները, որոնցմով որոշուած է երկրի վարկանիշը, են […]

Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հրանդ Տինքի Անուան Մրցանակի Յանձնման Արարողութիւնը

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի անուան մրցանակի յանձնման 10-րդ ամենամեայ արարողութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, կը յայտնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթը: Դատական կազմին մէջ եղած է նաեւ յայտնի ռոք երգիչ […]

The New York Times-ը Անդրադարձած է Հայկական Զիլջեան Ընտանիքի եւ Համանուն Ապրանքանիշի Պատմութեան

Թմբկահարի սիրտ տանող ամենավստահելի ուղին ծնծղաներ են. այս տողերով ամերիկեան The New York Times-ը «Ընտանիքի 400-ամեայ երաժշտական գործիքը կը շարունակէ ճիշդ հնչողութիւնը» խորագիրով լայնածաւալ յօդուածին մէջ անդրադարձած է հանրայայտ Զիլջեան […]

Թուրքիան Մինչեւ Վերջ Ղարաբաղեան Տագնապը Լուծելու Հարցին Մէջ Պիտի Աջակցի Ատրպէյճանին. Էրտողան

Ատրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, Ատրպէյճանի ցաւը Թուրքիոյ ցաւն է։ Սեպտեմբեր 15-ին, այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` թրքական Կովկասեան բանակին նուիրուած հեծելազօրքի շքերթի ընթացքին […]

Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պատուած Է Նորա Արիսեանի Գործերը

Դամասկոսի «Տումմար» մշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը «Լուսամուտներ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ պատուած է Նորա Արիսեանի գիտական եւ թարգմանական գործերը: «Լուսամուտներ» նախաձեռնութեան հիմնադիր […]

Հայ Դատը Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Քուէարկութեան Դնելու Արշաւի Կը Նախաձեռնէ

Մինչ Անգարայի աւանդական ջատագովները եւ պաշտպանները նեղ կացութեան մատնուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն հետեւանքով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի մը՝ կոչ ընելու համար Ներկայացուցիչներու […]

Հայաստան Ինքնիշխան Պետութիւն Է, Եւ Իմ Կառավարութիւնս Հանդէս Կու Գայ Բացառապէս Մեր Ժողովուրդի Եւ Մեր Երկրի Շահերէն Մեկնած. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան` ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ: Ըստ «Ազդակ»-ի՝ լրագրողը […]

Թուրքիոյ Մէջ Հին Հայկական Պղնձէ Ափսէներ Կը Վաճառուին 10 Հազար Տոլարով

Թուրքիոյ յայտնի համացանցային յայտարարութիւններու կայքին հին հայկական պղնձէ ափսէներ յայտնուած են վաճառքի, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը: Վաճառողը յայտարարութեան մէջ գրած է, թէ յիշեալ ափսէները 150 տարիէն աւելի իրենց ընտանիքի մօտ են […]