Արցախի Բերձոր եւ Ֆրանսայի Արֆորվիլ Քաղաքներուն Միջեւ Մշակութային եւ Այլ Ծրագիրներ Պիտի Իրականացուին

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիւք Քարւունասի եւ Արֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 27-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Ալֆորվիլի քաղաքապետարանի աշխատակիցներ եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի կառոյցի ներկայացուցիչներ:

«Այստեղ Հայաստանի ողջ պատմութիւնն է: Կը յիշեմ`երեք տարի առաջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ:  Մենք`ֆրանսացիներս, մեր առաքելութիւնը կը համարենք երկխօսութիւն հաստատել, համատեղ ծրագիրներ իրականացնել Հայաստանի, հիմա նաեւ Արցախի հետ»,-ըսաւ Քարւուունաս:

Ան շեշտեց, որ երկու օր առաջ եղած է Արցախ եւ տեսած, որ Արցախի նախագահը, վարչապետը, ԱԺ նախագահը եւ Բերձորի քաղաքապետը համագործակցութեան հետ կապուած մեծ սպասումներ ունին:

Անոր խօսքով` Արֆորուիլի եւ Բերձորի միջեւ բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրումը քաղաքական գործընթաց է: «Երբ Ատրպէյճան իրաւապահներու միջոցով ճնշում կը գործադրէ Արֆորվիլի վրայ, ատիկա նոյնպէս քաղաքական գործընթաց է: Հակառակ այդ ճնշումներուն` Ֆրանսայի մէջ կան քաղաքապետներ, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի կողքին են, եւ մենք յոյս ունինք Բերձորի հետ մշակութային համագործակցութիւն իրականացնել, համայնքային կառավարման տեսանկիւնէ մեր փորձը փոխանցել անոնց եւ երկարատեւ նախագիծեր կեանքի կոչել»,-ընդգծեց պատգամաւորը:

Լիւք Քարւունաս շեշտեց, որ երէկ հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին հետ: Պատգամաւորը եւ դեսպանը խօսած են Արցախի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին եւ նշած, որ երկու երկիրներու միջեւ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են: «Խօսած ենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան, Հայաստանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին մասին: Հայաստանի մէջ իրողութիւնները կը փոխուին,  եւ ես յոյս ունիմ, որ Ֆրանսան, որպէս Մինսկի խումբի անդամ, կրնայ յաջողութեան հասնիլ Արցախի ճանաչման հարցով»,-եզրափակեց պատգամաւորը:

Արֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչ ըսաւ, որ գոհ ու երջանիկ է Բերձորի հետ բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրութեան կապակցութեամբ: «Մենք ճնշումներու ենթարկուած ենք Ատրպէյճանի կողմէ, բայց չենք զիջած, դիմակայած ենք եւ ստորագրած այս համաձայնագիրը»,-փաստեց քաղաքապետը:

Անդրադառնալով Արցախ կատարած այցին` ան նշեց, որ հանդիպած է ժողովուրդին, որ քաջ է ու կը ցանկայ պայքարիլ իր յոյսի, ապագայի համար:

Հայաստան ժամանած հիւրերը Սեպտեմբեր 25-ին Բերձորի մէջ մասնակցած են Բերձորի եւ Արֆորվիլի բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրութեան արարողութեան: Հռչակագիրը նախաստորագրուած էր 2017-ի  Նոյեմբեր 20-ին` տեսակապի միջոցով: Այս առնչութեամբ Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր եւ դատական գործ յարուցած: Լիւք Քարւունաս սեփական նախաձեռնութեամբ սկսաւ Բերձորի հետ բարեկամութեան պայմանագիր ստորագրելու գործընթացը: Ան Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահն է եւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ: Արֆորվիլը «քոյր քաղաք»ի պայմանագիր ունի նաեւ Արագածոտնի մարզի Օշական համայնքի հետ, ուր պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ այցէն ետք: