Category: Սփիւռք
Հ.Յ.Դ. Հիմնադրութեան 130-ամեակի Համահայկական Առցանց Տօնակատարութիւն
Կիրակի՝ 2 Մայիս 2021-ի գիշերը, ճոխ բովանդակութիւն պարունակող տեսաերիզով մը, որ սփռուեցաւ համացանցին վրայ, համահայկական տարողութեամբ նշուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ […]
Լոյս Տեսաւ Արցախեան Ազատամարտի Մասին Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ Սարեր» Ֆրանսերէն Վէպը
Գանատական Poètes de brousse հրատարակչատան կողմէ ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսած է գանատահայ Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ սարեր» վէպը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հորիզոն»-էն։ Աբրահամեանի առաջին վէպը կը պատմէ 1989-ին Խորհրդային […]
Պատմութեան Մէջ Յստակ Գրուած Է, Որ Ցեղասպանութիւն Չէ Եղած. Թուրքիոյ ՊՆ
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար՝ Էսքիշեհիրի մարտավարական օդուժի հրամանատարութիւն կատարած ստուգայցին ընթացքին՝ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային: Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Աքարը, կրկնելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ներկայացուող թեզերը եւ նոյնաբովանդակ […]
ՀՀ Նախագահը Նամակներ Յղած Է Սփիւռքի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալական նամակներ յղած է Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ […]
Ատրպատականի Հայութեան Հաւատարմութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Շաբաթ 24 Ապրիլին, Ատրպատականի Հայոց թեմի զաւակները Թաւրիզի եւ Ուրմիայի մէջ, պահանջատիրութեան խոր զգացումով եւ ազգասիրութեան ապրումներով յիշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակները, ոգեկոչելով անոնց յիշատակը եւ ամրապնդելով իրենց հաւատքը շուտափոյթ […]
Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Միութիւնը Դատ Բացաւ Փայլանին Սպառնացած Թուրք Պատգամաւորին Դէմ
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգեց իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուցած թուրք ազգայնամոլ պատգամաւոր Ումիթ Օզտաղի գրառման՝ նշելով․ «Ժողովուրդս բնաջնջելու մտածելակերպը կրող թափթփուքը կ՛ըսէ՝ դարձեալ պիտի […]
Սրբոց Նահատակաց Բարեխօսական Գոհաբանական Աղօթք՝ Նէա Զմիռնիի Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի պաշտօնական ելոյթներուն ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ Ատիկէի մարզպետարանի եւ նախագահութեամբ հայ յարանւանութեանց կրօնական պետերուն, Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021-ին երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ, տեղի ունեցաւ […]
Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Կլենտէյլի Մէջ
Կիրակի, 25 Ապրիլին, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման յուշահանդէս մը, կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի հայ համայնքին, գլխաւորութեամբ՝ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ […]
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Հոգեհանգիստ՝ «Թռչնոց Բոյն»ի Մէջ
Երեքշաբթի, 27 Ապրիլի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ […]
Լաւալի մէջ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը
Շաբաթ, Ապրիլի 24-ին նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լաւալի Սարգիս Զէյթլեան Կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ Լաւալի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը: Ոգեկոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ […]









