Քալիֆորնիոյ Քաղաքական Պաշտօնատարներ Նշեցին Սումկայիթի Ջարդերուն 34-րդ Տարելիցը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին Քալիֆորնիոյ շարք մը քաղաքական պաշտօնատարներ նշեցին Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցը, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ կասեցնեն […]

Միլանի մէջ Ներկայացուեցան Տաղանդաւոր Երիտասարդ Հայերու Արտադրութիւնները

HAY-HAY Armenian Concept Store-ը՝ Փետրուար 25-ին եւ 26-ին, Միլանի Palazzo Visconti-ի մէջ, ներկայացուց տաղանդաւոր երիտասարդ հայ ձեւաւորողներու աշխատանքները` Emerging Talents-ի կողմէ կազմակերպուած 2022-23 Աշուն-Ձմեռ ցուցադրութեան ծիրէն ներս: HAY-HAY Concept-ի ցուցադրութիւնը […]

Բարեկենդանը՝ Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ Մէջ

Բուն Բարեկենդանի առթիւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ 27 Փետրուար 2022, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ […]

Սումկայիթի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Հաւաք ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ

34 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով, Փետրուար 26-ին, բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանգուվըրի հայ համայնքի անդամները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]

Լիբանանի Մէջ Հայ Արուեստագէտներ Կը Մասնակցին 308 Մասնագէտներու Եւ Սկսնակներու Հաւաքական Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքային եւ Լիբանանի արուեստագէտներու միութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի երաժշտագէտներու սենտիքային, Լիբանանի արուեստի տօնին առիթով 25 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի […]

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը Պիտի Կայանայ Մարսէյլի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 6-8 Մայիս 2022-ին, Մարսէյլի մէջ: Այս ծրագրին միջոցով, հայ երիտասարդը (18-28 տարեկան) կը պեղէ իր ինքնութիւնը եւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին, […]

Սումկայիթի Ջարդերուն Զոհուած Հայորդիներու Յիշատակին՝ Հոգեհանգիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

27 Փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ ծրագրուած Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցն է այս տարի: Հայ ազգի ազատատենչ ոգին սանձելու եւ Արցախեան շարժումը կասեցնելու տրամադրութեամբ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զանգուածային տեղահանութիւն եւ անմարդկային […]

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովին Պաշտօնական Բացումը

28 Փետրուարին «Անի Փլազա» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 28 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ […]

«Ա­զատ Օր» Կը Թե­ւա­կո­խէ Իր Հրա­տա­րա­կու­թեան 78-րդ ­Տա­րին

Յու­նա­հայ գա­ղու­թի օ­րա­թեր­թը՝ «Ա­զատ Օր»ը կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 78-րդ ­տա­րին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ թերթէն։ «Այ­սօ­րո­ւան տա­րե­դար­ձը ա­ռի­թը կու տայ թեր­թի ըն­տա­նի­քին ու ըն­թե­րցող­նե­րուն՝ ան­գամ մը եւս խո­նար­հե­լու […]

Վերանորոգուելէ Ետք Վերաբացուած է Պոլսոյ Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցին

Պոլսոյ Սարըյեր վարչական շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, և եկեղեցին բացած է իր դռները հաւատացեալներուն համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Բացման արարողութեան […]