Category: Սփիւռք
Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմնին Կողմէ 150 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ Ի Նպաստ Սուրիահայութեան
Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին կողմէ հրապարակուեցաւ «Շտապ օգնութեան խօսուն պատկերներ» տեսերիզը Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2023-ին Գանատայի ՀՕՄ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ցանցերով, ինչպէս նաեւ լրատուական՝ «Հայ Հորիզոն», «Նոր Հայ Հորիզոն» […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ Գոմոթինիի Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի, կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի թաղային խորհուրդին, տեղւոյն «Ս. Գրիգոր […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին, Գաւալայի Մէջ Ծածանեցաւ Հայաստանի Դրօշը
«ԱԶԱՏ ՕՐ» Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը յարգելու նախաձեռնութեամբ, Գաւալայի (Յունաստան) քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ տեղւոյն հայ համայնքին, Երկուշաբթի 24 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, կատարեց Եռագոյն դրօշի պաշտօնական պարզումի արարողութիւն, քաղաքապետական պարտէզի […]
ԱՄՆ-ի Մէջ Արցախի Հանրապետութեան ՄՆ Ռոպերթ Աւետիսեանը Մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարք Մը Ձեռնարկներու
Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ն տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն համաձայն՝ ԱՄՆ-ի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը ձեռնարկներու. Ապրիլ 19-24 ԱՄՆ-ի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կատարած Գրառումները (2)
«ԱԶԴԱԿ» Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կը հաստատենք, որ 24 ապրիլը յիշատակի օր չէ, այլ` գոյատեւման եւ մինչեւ մահ իր հողերուն ու ինքնութեան պաշտպան […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն եւ Արցախի Դրօշի Բարձրացման Արարողութիւն Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Խորհրդարանին Մէջ
Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձախումբին երկարամեայ աշխատանքները արդիւնաւորուեցան պատմական երկու նուաճումներով. 24 Ապրիլ 2023-ին Արցախի դրօշակի բարձրացում տեղի ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նահանգային Խորհրդարանին դիմաց, նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի Արցախի […]
Հաւաք՝ Նիւ Եորքի «Թայմզ» Հրապարակին Շուրջ
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Կիրակի, Ապրիլ 23-ին, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին մէջ, տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը: Աւելի քան հազար ներկաներ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը։ Հանդիսավարի պաշտօն […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Միջազգային Անդրադարձներ
«ԱԶԴԱԿ» Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յղեց ապրիլքսանչորսեան տարեկան նախագահական ուղերձը, որուն մէջ դարձեալ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը: «Այսօր մենք կանգ կ՛առնենք յիշելու Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը եւ […]
Ֆրանչիսկոս Պապը Գրիգոր Նարեկացին Անուանած է Համընդհանուր Համերաշխութեան Թարգման
Ապրիլ 26-ին, Վատիկանի Ս․ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած աւանդական գլխաւոր ունկնդրութեան ընթացքին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը մասնաւորապէս անդրադարձած է Գրիգոր Նարեկացիին՝ զայն անուանելով համընդհանուր համերաշխութեան թարգման։ Այս մասին կը հաղորդէ Վատիկանի մէջ […]
Թիֆլիսի Մէջ Իրականացան Շարք Մը Ձեռնարկներ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Թեմայով
«Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915-2023թթ» թեմայով՝ Րիկեյի այգիին մէջ, Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին դիմաց եւ Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մօտակայ տարածքին վրայ Ապրիլ 5-էն սկսեալ կազմակերպուած է 3 ցուցահանդէս։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]










