Ս․ Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ՝ Գամիշլիի Մէջ

Սփիւռք

Ռիթա Տէր Սարգիսեան Կարապետեան

«Գանձասար»

25 Մայիսին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական երեկոյ, նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր ու կը նախագահէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան։ Ներկայ էին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, ազգային, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը։

Յայտագիրի բացման խօսքը արտասանեց «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Պոզոյեան-Կարապետեան՝ ըսելով․ «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակի սեմին, կ՚ոգեկոչենք Մեծն Ներսէն Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակը, պահապանելով մեր արմատները ու ազգային եկեղեցական բարձր արժէքները, որոնք բազմադարեան պատմութեան էջերուն մէջ քանդակեցին համաշխարհային արժէքներ։ Այդ արժէքները պահպանող ու ամրագրողներէն է հայ եկեղեցական գործիչ, բանաստեղծ, աստուածաբան, պատմիչ, երգահան, երաժշտագէտ Ս. Ներսէս Դ. Կլայեցին»։

Ձեռնարկին՝ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ Բարշ. Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեանի։ Ապա, Յակոբ Ա. Սրկ. Պարսումեան մեներգեց «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս»-ը։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան պատանի դպիրներն ու Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, խմբավարութեամբ Արժ. Տէր Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, իսկ Համազգայինի «Կոմիտաս» երաժշտ. դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականներէն ու աղօթքներէն՝ «Նորահրաշ»-ը, «Առաւօտ Լուսոյ»-ն, «Հաւատով Խոստովանիմ»-ը եւ «Նայեաց Սիրով»-ը։

Օրուան բանախօս հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան ըսաւ. «Ս. Ներսէս Շնորհալի դարձած է տիտան մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Պարտինք ըլլալ անոր ժառանգութիւնը պահպանող հաւատաւոր հետեւորդներ եւ զարգացնել այդ ժառանգութիւնը՝ ի խնդիր ազգային մշակութային դիմագիծի պահպանման»։ Ապա յորդորեց ժողովուրդը ազգային ու եկեղեցական պարտականութիւնները լիովին կատարել եւ ներկայ ըլլալ եկեղեցական արարողութիւններուն, որոնք կը կատարուին մեր մայրենի լեզուով, մեր հարազատ երաժշտութեամբ»։

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց սրբազան հայրը։ Ողջունելով Համազգայինի աշխատանքը՝ սրբազանը յորդորեց լայնօրէն ծանօթանալ Շնորհալիի ժառնգութեան, որպէսզի իմանանք, թէ մեր ժողովուրդը ինչպիսի՛ արժէքներ ունեցած է, հետեւաբար ինչպէս պէտք է ըմպէ այդ արժէքներն ու լեցուի այդ շնորհքներով, որպէսզի կարենայ այդ բոլորը սիրով տալ իր միջավայրին։ Ապա, մէջբերեց Պօղոս առաքեալի «տալը աւելի երջանկաբեր է քան առնելը» խօսքը եւ խրախուսեց ազգային ու մշակութային կեանքին ծառայելը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։