Category: Յօդուածներ – Զրոյցներ
Ամօթալի եւ Դատապարտելի Արարք. «Ազատ Օր»
Խմբագրական Նկարը ինքնին խօսուն է։ Յունաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Թեսաղոնիկէի մէջ շրջագայող հանրակառքերուն վրայ կը ցուցադրուի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշիի պատմական բերդի պարիսպն ու անոր դարպասը, որոնց վրայէն ատրպէյճանցիները […]
Տոմս.- Մասնագիտական Պատրաստութիւնը Կարեւոր է… (Ս. Մահսէրէճեան)
Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեանց, Կրթութեան, Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան (բազմազբաղ) յանձնաժողովը Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին նիստ գումարած է եւ, ի շարս այլ հրատապ հարցերու, քննարկած է (չէ՜, սահմաններու, ապահովութեան, գերիներու եւ գրաւեալ […]
Չքաղաքականացնե՛լ Իրաւարար Վճիռը. «Ազդակ»
Խմբագրական (Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 101-ամեակին առիթով) Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 101-ամեակն է: Իրաւարար վճիռի ստորագրման հերթական նշումը ծանր պայմաններու մէջ է, որ կ՛արձանագրուի: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգայնօրէն ամրագրող այս փաստաթուղթին հետ կապուած […]
Մենք Արեւելումի՞ Հարց Ունինք. Խաժակ Մկրտիչեան
Քսաներորդ դարասկիզբէն սկսեալ հայ քաղաքական միտքը բազմաթիւ աշխատութիւններով քննարկման առարկայ դարձուցած է Հայաստանի արեւելումի հարցը եւ աներկբայ եկած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի փրկութեան միակ բանալին հայկական արեւելումն է: Այս […]
Խորհրդային Ներքին Սահմաններու Առասպելը. Կարօ Արմենեան
Նիկոլ Փաշինեան եւ իր գլխաւորած պարտութեան վարչակարգը կը շարունակեն հոլովել խորհրդային ներքին սահմաններու վարկածը որպէս հիմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև «նոր սահմանագծի» մը ձևաւորման։ Մերկ իրականութիւնը հետևեալն է։ Խորհրդային ներքին […]
Յիշենք Հարիւր Տարի Առաջ «Հայ Քաղաքական Էլիտային» Գործած Սխալը «Խելամիտ Դիւանագիտութիւն Չբանեցնելու» Եւ… Ողջունե՞ք «Տարածաշրջանում Հեգեմոն Ճանաչուած Երկրին». (Խ. Տէր Ղուկասեան)
Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու ընկալման փորձերու թերևս ամենահեշտ, բայց նաև ապակողմորոշիչ մեկնաբանութիւնը հայ-ատրպէյճանական տագնապը Ռուսիա/Արևմուտք մեծապետական մրցակցութեան տրամաբանութեան մէջ տեղադրելն է: Ամենահեշտը՝ որովհետև հակառակ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն երեսուն տարի […]
Թրքական Խորհուրդ… Արեւը Արեւելքէն Կը Ծագի. «Հայրենիք»
Խմբագրական Հազիւ 12 տարուայ կեանք ունի այս խորհուրդը, որ քանի մը անունով կը ներկայացուի, ինչպէս՝ «թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդ», «թրքական խորհուրդ», իսկ այժմ՝ «թրքալեզու պետութիւններու կազմակերպութիւն»։ Վերջին տարբերակը սկսաւ գործածուիլ […]
Յուշակոթող, Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Հայրենիքի Գաղափար. «Գանձասար»
Խմբագրական Վերջին քանի մը օրերու հայկական մեր կեանքը յուզող, հայ քաղաքական միտքը փոթորկող զարգացումները կու գան հաստատելու մէկ իրականութիւն` դարեր շարունակ պայքարող հայութեան կեանքը կրկին սպառնալիքներու դէմ յանդիման կանգնած է: […]
Զինուորեալը՝ Միշտ Զինուոր. Նուէր Պատնէշի Վրայ Մնացողներուն. (Վրէժ-Արմէն)
«Դրօշակ», Նոյեմբեր 2021 Այս զրոյցը կուսակցական ըլլալուն մասին չէ, կուսակցականներուն ալ մասին չէ, թէեւ ինչպէս ուրիշներու, անոնց ալ կրնայ առնչուիլ։ Այս զրոյցը ծառայութեա՛ն մասին է, ծառայութեան, ի՛նչ ճամբով ալ ըլլայ […]
Նշմար.- Լուրջը Կատակէն Ծանր Է (Ս. Մահսէրէճեան)
Հայաստանի մէջ 15 Նոյեմբերի առաւօտը դիմաւորեցին քաղաքական «փոքր ռումբ»-ով մը, որ մասամբ քողարկեց իշխանութեան վնասարար քաղաքականութեան հետեւանքով իրականացած նորագոյն նահանջին՝ աւելի վտանգաւոր «ռումբ»-ը: Փոքր ռումբը՝ փոխ վարչապետ Սուրէն Պապիկեանի պաշտպանութեան […]










