Category: Յօդուածներ – Զրոյցներ
Ազգային Քաղաքականի Յիշողութեան Կորուստ եւ Միացման-Պառակտման Հանդէս. (Յ. Պալեան)
Ամէն յեղափոխութիւն կը շոգիանայ իր ետին ձգելով միայն նոր դիւանակալութեան մը մնացուկը: Ֆրանց Քաֆքա (1883-1924) Կ’ընթերցեմ, կը լսեմ, կը բաղդատեմ, կը մտածեմ «թաւիշի մնացուկ»-ի մասին: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը Հայաստան-Թուրքիա […]
Դէպի Աւելի Կեդրոնացեալ Կառավարում. Տիգրան Ճինպաշեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Արմէն Սարգսեան հրաժարականի դիմում ներկայացուց 23 յունուարին: Հրաժարականը վերջնական կը դառնայ, եթէ դիմումին յաջորդող ԵՕԹԸ օրերուն ընթացքին նախագահը իր հրաժարականը ետ չվերցնէ: Սպասելի է ուրեմն, որ […]
«Խաղաղութիւն Սիրողը, Թող Պաշտպանի Մեր Հողը…». Խ.Տէր Ղուկասեան
Բանակի Օրուան առիթով «Հերոսների կենացը» երգին այս տողը եկաւ միտքս: Երգի հեղինակին մասին գաղափար չունիմ, չեմ գիտեր երբ գրուած է, հաւանաբար խորհրդային տարիներուն, կամ որուն ուղղուած էր այն ժամանակ պատգամը: […]
Ազգային Քաղաքական Մնայուն Պայքարով Դարմանել Ցեղասպանութեան Ոճիրը եւ Հայրենահանումը. (Յ. Պալեան)
Կը սպանենք մարդ մը, ոճրագործ ենք : Կը սպանենք հազարաւորներ, նուաճող ենք: Կը սպանենք բոլորը, Աստուած ենք: Ժան Ռոսթան, գիտնական, իմաստասէր (Ի դար) Մեր ժողովուրդի ապրած ներկայի պարտութեան, պառակտումներու եւ, դիմագրաւած […]
Դասեր Քաղելու Օրը (Հայկական Բանակի Հիմնադրութեան 30-Ամեակին Առիթով). Վ. Աւագեան
28 Յունուար է այսօր, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի հիմնադրութեան օրը: 30 տարի առաջ, այսօր, ստեղծուեցաւ մեր պետականութեան ամրապնդման, հայ հողին եւ ժողովուրդին ապահովութեան գլխաւոր երաշխիքը հանդիսացող հայկական բանակը: Անցնող 30 […]
Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով). «Ազդակ»
Խմբագրական Հայոց բանակի օրուան նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ բոլոր առումներով բարդ է. այդ կարգին` արժեւորում կատարող որեւէ վերլուծումի փորձ կատարողին համար: Բազմաթիւ պատճառներ եւ դիտանկիւններ կային յաղթանակած բանակի մասին, բանակի […]
Մշակութային Ժառանգութեան Տարրերը Արդիականացնելով Հաստատուն Քայլերով Ուղղուիլ Դէպի Երաշխաւորեալ Ապագայ
Հարցազրոյց «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ «Դրօշակ» –Ընկե՛ր Մկրտիչեան, մամուլէն տեղեկացանք, որ վերջերս այցելած էք Մոսկուա` այնտեղ «Համազգայինի» շրջան մը կեանքի կոչելու համար: Կրնա՞ք մանրամասնել: Մկրտիչ Մկրտիչեան – Առաջին անգամ չէր, որ Մոսկուա կ՚երթայինք: Անցեալ մայիսին այնտեղ էինք «Համազգայինի» կառոյց հիմնելու մտադրութեամբ: Կորիզ մը կազմուած էր արդէն բոլորովին ինքնաբուխ կերպով: Մայիսին նշանակուեցաւ […]
«Ի՞նչ Բան Մեզ Պիտի Միացնէ». (Յ. Պալեան)
Բաժնէ՛ տիրելու համար, խորիմաստ խօսք: Միացո՛ւր կառավարելու համար, աւելի լաւ ապահովութեան: Եոհան Վոլֆկանկ վոն Կէօթէ (1749-1832) Հայաստանի «Սփիւռք» լրատուական անգլերէն էջին վրայ կարդացի հարցումը. «Ի՞նչ բան մեզ պիտի միացնէ»: […]
Թուրքիան` Հարաւային Կովկասէն Կեդրոնական Ասիա Հասնելու Նկրտումներով. «Գանձասար»
Խմբագրական Թուրքիա Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմին Ազրպէյճանին նեցուկ կանգնելով ու իր զինուորական ներկայութիւնը հաստատելով Ազրպէյճանի մէջ, աւելի ուշ 3+3 ձեւաչափով Արցախի հարցին լուծման մէջ եւս քաղաքական իր դերակատարութիւնը ամրագրելով` իր […]
Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ. «Ազդակ»
Խմբագրական Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Հակառակ անոր որ օրեր առաջ հայաստանեան որոշ լրատուակայքեր շրջանառութեան մէջ դրին նախագահի հեռանալու մասին լուրեր` բժշկական քննութիւններու պատճառով արձակուրդի երթալու առիթով: Հրաժարականի […]










