Յորդառատ Անձրեւի Հետեւանքով Արտակարգ Իրավիճակ Ստեղծուած է Արմաւիր Մարզին Մէջ

Յորդառատ անձրեւի հետեւանքով Օգոստոս 19-ին արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է ՀՀ Արմաւիրի մարզի Շէնիկ, Քարակերտ եւ Դալարիկ համայնքներուն մէջ․ անձրեւի ջուրը ողողած է մշակովի հողատարածքները, խաղողի այգիները, լեցուած բնակելի տուներու նկուղները […]

Դիլիջանի Քաղաքային Զբօսայգին Բարեկարգուած է

Դիլիջանի քաղաքային զբօսայգին անճանաչելիօրէն փոխուած է: Նախապէս չխնամուելու հետեւանքով, սաղարթախիտ անտառի վերածուած այգին, այսօր արդէն էտուած ծառերով, կոկիկ նստարաններով եւ աղբամաններով, նոր խաղահրապարակով եւ ճեմուղիներով, արդիականացուած լուսաւորութեամբ նոր տեսք ունի: […]

ՀՀ Դատախազութիւնը Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու Որոշումին Դէմ Բողոք կը Ներկայացնէ Վճռաբեկ Դատարան

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը, Օգոստոս 20-ին, բողոք կը ներկայացնէ Վճռաբեկ դատարան`  ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու ՀՀ վերաքննիչ դատարանի որոշումին դէմ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ գլխաւոր […]

Հայ Դատի Յանձնախմբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Գանատայի Փոքր Գործարարութեան եւ Արտահանման Խթանման Նախարարին Հետ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպած է երկրի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մարի Նկանի հետ: Հայ Դատի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յանձնախումբի պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Շահէն Միրաքեան, Սեւակ […]

ԱՀ Նախագահը ՀՀ Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին Հետ Բանակաշինութեան Վերաբերող Շարք մը Հարցեր Քննարկած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Օգոստոս 18-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Հանդիպումին, որուն […]

Հիասքանչ Բնութիւնը Կը Հանդիպի 3000-ամեայ Մշակոյթի Պատմութեան. Գերմանական Reise-Stories-ի Յօդուածը Հայաստանի Մասին

Գերմանական Reise-Stories ճամբորդական կայքէջը Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ յօդուած հրապարակած է Հայաստանի վերաբերեալ` «Հայաստան – հիասքանչ բնութիւնը կը հանդիպի 3000-ամեայ մշակոյթի պատմութեան» վերնագիրով:  «Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ յօդուածի հակիրճ թարգմանութիւնը: […]

Սփիւռքի Գործարարները Կը Դիտարկեն Հայրենիքի Մէջ Ներդրումային Նախագիծերու Իրականացման Հնարաւորութիւնները. Կարօ Արմէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է գործարար, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Կարօ Արմէնը եւ մշակութային գործիչ Թօնի Շաֆրազին, որ իր գործունէութեան ընթացքին համագործակցած է աշխարհահռչակ շարք մը արուեստագէտներու, […]

Աւելի Քան 1000 Մարդ Արցախէն Մեկնած է Երեւան` Մասնակցելու ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հրաւիրած Հանրահաւաքին

Այսօր` Օգոստոս 17-ին, աւելի քան 1000 մարդ Արցախէն մեկնած է Երեւան` մասնակցելու ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքին:  Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ըսած է «Յանուն Արցախի» երիտասարդական, հասարակական կազմակերպութեան նախագահ […]

Ռոպերթ Քոչարեան Յայտարարեց Քաղաքականութիւն Վերադառնալու Մասին

Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Օգոստոս 16-ին, «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանին տուած իր բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց իր՝ քաղաքականութեան դաշտ վերադառնալուն մասին, թէեւ՝ առանց ձեւաչափի յստակացումի: Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնաթող նախագահը կոչ […]

Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքել Պիտի Այցելէ Հայաստան

Օգոստոս 24-25-ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել: Այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գերմանիոյ վարչապետ […]