Հայոց Հայրապետի Բարձր Տնօրինութեամբ Հիմնուեցաւ Սբ Էջմիածինի Թանգարաններու Վերականգնման Արհեստանոցը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 2-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ թանգարանային արժէքներու վերականգնման եւ պահպանման արհեստանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

«Ալեք և Մարի Մանուկեան» գանձատան յարկաբաժինին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետի նախաձեռնութեամբ հիմնուած արհեստանոցը Ճափոնի կառավարութեան մշակութային «Grassroots» դրամաշնորհային ծրագիրին ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ, համալրուած է անհրաժեշտ սարքաւորումներով։

Արհեստանոցի գործունեութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ ընդլայնելու Մայր Աթոռի թանգարանային հաւաքածուներուն ցուցադրութիւնը՝ պահոցներու մէջ գտնուող հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները պատշաճ կերպով ներկայացնելով հանրութեան։