Category: Հայաստան
ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ուսուցիչի Օրուան Նուիրուած Շնորհաւորական Ուղերձը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուսուցիչի օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. Սիրելի՛ ուսուցիչներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ […]
ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Ուսուցիչի Օրուան Առիթով
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուսուցիչի օրուան առիթով: ՀՀ նախագահի գրասենեակին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ ըսուած է. «Սիրելի՛ ուսուցիչներ, Ձեզի նուիրուած այսօրուան տօնը բոլորինս է, տօն, որուն մէջ […]
«Հայրենիքին Ընդհանրական, Գերագոյն ու Մնայուն Շահերը Հարկ է Վեր Նկատել Կուսակցական ու Ժամանակաւոր Շահերէ»․ Արամ Ա. Հայաստանեան Վերջին Զարգացումներուն Մասին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկած է հայաստանեան վերջին զարգացումներուն առնչուող հետեւեալ յայտարարութեամբ. Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Սփիւռքը դիտողի կրաւորական […]
Սեպտեմբերին Նախորդ Տարուան Համեմատ ՀՀ Երկու Օդակայաններուն Մէջ Ուղեւորահոսքը Աճած է 9.3 Տոկոսով
Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 278 719 մարդ` 2017 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 9.3 տոկոսով: Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ «Արմենիա Միջազգային Օդակայաններ» ընկերութենէն կը […]
Արենի Գինիի Փառատօնը` Հոկտեմբեր 6-ին. Անիկա Կը Նուիրուի Ազնաւուրի Յիշատակին
Հոկտեմբեր 6-ին արդէն 10-րդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Արենի գինիի փառատօն»-ը: Այս տարի անիկա կը նուիրուիէ ֆրանսահայ մեծանուն երգահան Շառլ Ազնաւուրին: Գինիի փառատօնը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Վայոց ձորի […]
Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակի Երեկոյ
Հոկտեմբեր 5-ին, ժամը 17:00-էն մինչ 21:00-ն Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակի երեկոյ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը՝ պիտի բացուի սգոյ մատեան` ի յիշատակ […]
Ֆելիքս Ցոլակեան Ընդունած է ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարի Պաշտօնը Ստանձնելու Առաջարկը
ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆելիքս Ցոլակեան ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առաջարկ ստացած է: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Ցոլակեան յայտնեց, որ ընդունած է առաջարկը: «Այո, նման առաջարկ ստացած եմ: Զայն […]
Հայաստանի եւ Իրանի Մաքսային Մարմինները կը Դիւրացնեն Երկկողմ Առեւտուրը
ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի եւ Իրանի մաքսային վարչութեան միջեւ փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու միջազգային փոխադրումներու վերաբերեալ նախնական ելեկտրոնային տուեալներու փոխանակման մասին արձանագրութիւնը հաստատելու մասին ՀՀ նախագահի հրամանագիրին: […]
Հոկտեմբեր 11-12-ը Ոչ Աշխատանքային Պիտի Ըլլայ. Վարչապետը Առաջարկեց Փոփոխել Օրէնսդրական Նախաձեռնութեան Ձեւակերպումը
ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «ՀՀ տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան նշեց, որ նախագծին ընդունումով […]
Սպասողական Վիճակը Որքան Երկարի, Այնքան Վատ Երկրի Համար. ՊԵԿ Նախագահը՝ Ընտրութիւններուն Մասին
ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեան համաձայն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն տեսակէտին հետ, որ ներդրումներ ընելու համար գործարարները կը սպասեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ […]










