Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեան դրաւ  կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծը: Փոփոխութիւններու նախագիծին թեր քուէարկեց 56 պատգամաւոր, մինչդեռ օրէնքը ընդունելու համար անհրաժեշտ էր 63 ձայն: Դէմ քուէարկեց 3 […]

Թորոնթոյի ՄԷջ Մէկ Միլիոն Տոլար Հաւաքուեցաւ Ի Նպաստ Հայաստան Հիմնադրամին

Կիրակի, Հոկտեմբեր 21ին, Թորոնթոյի մէջ կայացած Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին տեղւոյն մասնաճիւղի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար գումար մը։ Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին […]

Պաշտօնական Ճաշկերոյթ՝ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-ամեակին

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Տիկնոջ Ներկայութեամբ ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 21-ին, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը ի յարգանք՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով: […]

Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց Պատմութեան Հեռաուսուցման Կարճաժամկէտ Ծրագիր

Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու բաժանմունքը նկատի ունենալով Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ծիրէն ներս հայոց պատմութեան եւ 1915-ի ցեղասպանութեան նիւթերուն շուրջ հասանելի կրթական ծրագիրներու պահանջը՝ կ’իրականացնէ հեռաուսուցման կարճաժամկէտ կրթական ծրագիրներ: Ծրագրին […]

Նախագահ Թրամփի Խորհրդական Ռուտոլֆ Ճուլիանի Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

իացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական, Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտոլֆ Ճուլիանի Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, Ծիծեռնակաբերդ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ ինք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղապանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ: Հարցուին, թէ […]

Երեւանի Գլխաւոր Ճարտարապետ Նշանակուած Է Արթուր Մեսչեանը

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ  նշանակուած է ճարտարապետ, երգիչ, երգահան, Արթուր Մեսչեան: Tert.am-ի հարցին, թէ անոր առաջարկուած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը, ան ըսած է. «Ինծի ոչ միայն առաջարկուած է, այլեւ ես վաղուընէ կ´անցնիմ […]

ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններուն

Հոկտեմբեր 19-21-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ արտահերթ Գերագոյն Ժողովը, յառաջիկայ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի օրակարգի քննարկման նպատակով: Ի շարս քաղաքական, կազմակերպական եւ այլ օրակարգերու, Ժողովը անդրադարձաւ յառաջիկայ համապետական արտահերթ ընտրութիւններու հարցին: Համակողմանի քննարկումներու արդիւնքով […]

Իշխանաձորի Մէջ 52 Առանձնատուն Շահագործման Յանձնուած է

Արցախի կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի համաֆինանսաւորմամբ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ աւարտած է 52 առանձնատուներու կառուցման եւ շահագործման աշխատանքները: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է  Իշխանաձոր համայնքի ղեկավար Արսէն […]

Անկախ Հայաստանը Ընտրուած Առաջին Կին Քաղաքապետ Ունի . ՏԻՄ Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները Հրապարակուեցան

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է Հոկտեմբեր 21-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու նախնկան արդիւնքները; Էջմիածինի քաղաքապետի ընտրութիւններուն նախնական տուեալներով յաղթած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած […]

Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Այցի Ժամանակ Հանդիպում Ունեցած է ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ Ներկայացուցիչներուն Հետ

Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 20-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպած է հայ աւանդական կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ […]