Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Դարձեալ կը Մեղադրեն Հայկական Լոպպին

Թուրքիոյ կառավարութենէն մեկնաբանութիւն տուած են ատրպէյճանական «Trend» լրատուական գործակալութեան եւ դարձեալ յիշեցուցած են արխիւները բանալու առաջարկին մասին՝ 1915-ին տեղի ունեցածը ուսումնասիրելու նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ «Այն ժամանակ, երբ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին Մէջ՝ Թումանեանին եւ Կոմիտասին Նուիրուած Ժամանակաւոր Ցուցադրութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, մինչեւ ամրան վերջ, պիտի գործէ «Հայոց Ցեղասպանութեան 150-ամեայ վկաները. Կոմիտաս Վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցադրութիւն, որ պիտի հանրահռչակէ ցեղասպանութեան պատմութեան հետ անոնց առնչութիւնը: Armenpress.am-ի […]

Ուքրանիոյ Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Աղօթք Պիտի Հնչէ

Ուքրանիոյ տարբեր քաղաքներու հայկական համայնքներուն կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ծիրէն ներս՝ ծրագրուած են եւ պիտի իրականացուին յիշատակի բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը յայտնէ AnalitikaUA-ը: Ապրիլ 23-ին, Լուցկ քաղաքին […]

Լճաշէնի Մէջ Հնագիտական Թանգարան Պիտի Բացուի

Գեղարքունիքի մարզի Լճաշէն գիւղին մէջ, այս տարի, պիտի բացուի եւ գործէ հնագիտական թանգարան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ Լճաշէն համայնքի ղեկավար Կորիւն Մարգարեանի խօսքով՝ թանգարանը պիտի հիմնուի ՀՀ կառավարութեան կողմէ […]

Սպանիոյ Երեք Քաղաքներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պիտի Իրականացուին

Սպանիոյ Պարսելոնա, Վալենսիա եւ Թոլետօ քաղաքներուն մէջ, Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան Facebook-ի էջը: «Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ […]

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄի Դիրքորոշումը ՀՀ-Սփիւռք Յարաբերութիւնները Կարգաւորող Նոր Համակարգի Մասին

 ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնին կից Արտաքին քաղաքականութեան, Սփիւռքի եւ հայրենադարձութեան յանձնախումբը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ. ՀՀ խորհրդարանին մէջ քննարկուեցաւ եւ ընդունուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ […]

Բրիտանացիները Հայկական Ելակով Թէյ Կը Խմեն․ Բիւրականի «Քաղցր Տնակը»` Զբօսաշրջային Կեդրոն

Յովհաննիսեաններու ընտանիքը կը հաւատայ, որ երազանքները կ’իրականանան: Անոնք կ’արտադրեն չիրեր եւ քաղցր սուճուխ, մեղրային խառնուրդներ եւ բազմաթիւ այլ հետաքրքիր ապրանքներ: Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ իր աւանդը կ’ունենայ գործի զարգացման մէջ: Բիւրականի […]

Թաներ Աքչամի «Սպանութեան Հրամաններ. Թալէաթ Փաշայի Հեռագրերը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Գիրքը Թարգմանուած է Հայերէն

Հայաստանի մէջ հայերէն թարգմանութեամբ լոյս  տեսած է թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագրերը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը, ուր ներկայացուած են բացառիկ հեռագիրներ, որոնք կը հերքեն թրքական […]

2018-ին 1675 Քաղաքացիներ Վերադարձած Են Հայաստան

Հայաստանի գաղթականական ծառայութեան «Մէկ պատուհան» ծառայութեան պատասխանատու Անահիտ Չօբանեան Ապրիլ 22-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց, որ 2018-ին, Հայաստան վերադարձած եւ վերահաստատուելու համար պետական աջակցութեան դիմած են 1675  քաղաքացիներ: […]