ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄի Դիրքորոշումը ՀՀ-Սփիւռք Յարաբերութիւնները Կարգաւորող Նոր Համակարգի Մասին

Հայաստան, Սփիւռք

 ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնին կից Արտաքին քաղաքականութեան, Սփիւռքի եւ հայրենադարձութեան յանձնախումբը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.

ՀՀ խորհրդարանին մէջ քննարկուեցաւ եւ ընդունուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նոր օրէնքը: Նշեալ եւ յարակից օրէնքներու նախագիծերու փաթեթին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր 2019 Մարտ 7-ի որոշումով:

Ընդունուած նոր օրէնքին համաձայն՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծարուի, իսկ անոր փոխարէն՝ վարչապետի աշխատակազմին մէջ՝ կը ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ:

Թէեւ տակաւին չէ հաստատուած Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կանոնադրութիւնը, այդուհանդերձ, օրէնքի 14-րդ յօդուածի 5-րդ կէտով որոշակի գաղափար կը կազմենք գլխաւոր յանձնակատարի եւ անոր գրասենեակի նպատակներուն, խնդիրներուն եւ գործառոյթներուն մասին: Ըստ այդմ՝ գրասենեակի նպատակներն ու խնդիրներն են Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի լիազօրութիւններու իրականացման մասնագիտական օժանդակութիւնը եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը, վարչապետին կողմէ Սփիւռքի հետ քաղաքականութեան ապահովման եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման գործառոյթներուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ գլխաւոր յանձնակատարին կողմէ իրականացուող աշխատանքներու կատարման աջակցութիւնը: Իր հերթին՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին կը վերապահուի վարչապետի՝ Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ապահովման եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման կազմակերպումը (ինչպէս՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի միջոցով), որուն ծիրէն ներս իրականացուող գործառոյթները կը սահմանէ վարչապետը:

Օրէնքի «Հիմնաւորումներ» բաժինով շարադրուած է, որ նախարարութեան փոխարէն կ՝առաջարկուի ստեղծել եռաստիճան համակարգ մը, որուն առաջին մակարդակով պիտի մասնակցի վարչապետը՝ Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ապահովման եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման լիազօրութիւններով: Երկրորդ մակարդակով դերակատարութիւն պիտի ունենայ վարչապետին կողմէ նշանակուող Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը, որ պիտի ըլլայ հայեցողական պաշտօնեայ վարչապետի աշխատակազմին մէջ, եւ որուն հիմնական դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ վարչապետի՝ Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ապահովման եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման լիազօրութիւններու իրականացման կազմակերպումը: Ստորին մակարդակով պիտի ըլլայ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, որուն նպատակներն ու խնդիրները պիտի ըլլան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի լիազօրութիւններու իրականացման մասնագիտական օժանդակութիւնը եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը, վարչապետին կողմէ Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ապահովման եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման գործառոյթներու եւ անոր ծիրէն ներս Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին կողմէ իրականացուող աշխատանքներու կատարման աջակցութիւնը:

Աւելցնենք նաեւ, որ օրէնքի հիմնաւորման 2րդ կէտով («Առաջարկուող կարգաւորման բնոյթը») կը սահմանուի նորաստեղծ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հաստիքներու թիւը, եւ յետագայ քանի մը ամսուան ընթացքին կ՝ակնկալուի այդ հաստիքներու քանակը կրճատել՝ ձգելով ընդամէնը 20-25 հաստիք (ներկայիս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն թիւը 8 տասնեակի սահմաններուն մէջ է):

Յանձնախումբը կ՝արձանագրէ.

ՀՅԴ-ն աշխոյժ կերպով պաշտպանած է ՀՀ-ի մէջ Սփիւռքի նախարարութիւն ունենալու գաղափարը, աշխոյժ միջամտութիւն ունեցած 2008-ին ստեղծուած նախարարութեան կայացման աշխատանքներուն: Այդուհանդերձ, ՀՅԴ-ն ո՛չ միայն բացարձակացուցած է նախարարութեան գոյութիւնն ու գործունէութիւնը, այլեւ վերջինիս 10-ամեայ գործունէութեան ընթացքին՝ կուսակցութիւնը քննադատօրէն մօտեցած է նախարարութեան աշխատանքներուն՝ պարբերաբար հանդէս գալով հայեցակարգային առաջարկներով:

Ն. Փաշինեանի կողմէ նախարարութեան լուծարման առնչութեամբ ՀՅԴ-ն կրկին կարեւոր համարած է նախարարութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը եւ յայտարարած վերջինիս լուծարման անթոյլատրելիութեան մասին: ՀՅԴ-ն ողջունած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինի՝ Սփիւռքի նախարարութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորող յայտնի հարցազրոյցը:

Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն մէջ ներդրուելիք նոր համակարգը ունի բազմաթիւ խութեր եւ մտահոգիչ կողմեր, որոնցմէ առանձնանալի են հետեւեալները.

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը կամ իր գրասենեակը պիտի չունենան ծրագրեր իրականացնելու գործառոյթներ, այդ մասին Մարտ 21-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ հաստատած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բ. Տէր Գրիգորեան: Անոնց, բնականաբար, այդ մասով պիտի չի յատկացուի նաեւ պիւտճէ: Վերջիններս, փաստօրէն, պիտի կատարեն 12 նախարարութիւններու՝ Սփիւռքի ուղղութեամբ այս կամ այն կերպ իրականացուող աշխատանքները համադրելու (Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովում) խնդիրը: Օրէնքէն կ՝երեւի, որ Սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման լիազօրութիւնները կ՝իրականացնէ վարչապետը, իսկ գլխաւոր յանձնակատարին վերապահուած է այդ աշխատանքներուն կազմակերպումը:

Եթէ վերոնշեալ ձեւակերպումները աւելի պարզ լեզուով ներկայացնենք, ուստի պիտի պարզուի, որ այս պարագային Սփիւռքի «նախարարը» վարչապետն է, գլխաւոր յանձնակատարը անոր՝ այդ գծով աշխատանքներու կազմակերպիչը կամ, այլ խօսքով, գլխաւոր օգնականը, իսկ յանձնակատարի գրասենեակի երկու տասնեակ աշխատակիցները պիտի ըլլան վարչապետի՝ Սփիւռքի գծով գլխաւոր օգնականի օգնականները:

– Յանձնակատարը կամ վերջինիս գրասենեակը պիտի չունենան նաեւ նախարարներուն կամ նախարարութիւններուն համապատասխան ստորաբաժանումներուն յանձնարարութիւններ տալու, հետեւաբար նաեւ՝ հաշուետւութիւններ պահանջելու իրաւասութիւններ: Կարճ խօսքով՝ յանձնակատարը, իր փոքրիկ անձնակազմով, պիտի գործէ վարչապետի անունով եւ պիտի հանդիսանայ վարչապետի աշխատակազմէն եկող հրամաններն ու կարգադրութիւնները «mulberry» համակարգով ցրող:

Հաւանաբար, յանձնակատարի գրասենեակը տարբեր առիթներով (հարցազրոյցներ, ելոյթներ կամ գործուղումներ) կարեւոր համարէ այն 4 ուղղութիւնները, որոնց մասին յայտարարած է Բ. Տէր Գրիգորեան իր հարցազրոյցին մէջ՝ հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւում երկրի զարգացման գործընթացներուն մէջ: Ինչպէս նշեցինք, այդ գործառոյթները ամբողջովին վերապահուած են վարչապետին, եւ յանձնակատարը՝ իր գրասենեակին միջոցով՝ այդ ոլորտի հարցերը ընդամէնը պիտի բաշխէ համապատասխան նախարարութիւններու միջեւ: Եզրակացութիւնը այս մասով հետեւեալն է՝ յանձնակատարի գրասենեակի «ազդեցութիւնը» եօթը միլիոնանոց հայկական Սփիւռքին վրայ բովանդակային առումով գրեթէ զերոյական է:

– Հայկական Սփիւռքին առնչուող գործերը վարչապետին կողմէ իրականութեան մէջ պիտի կազմակերպուին ըստ ոլորտներու, յանձնակատարի գրասենեակի խողովակներով՝ իւրաքանչիւր ոլորտին համապատասխան նախարարութիւններու միջոցով: Ինչպէս պատկերաւոր նշած է Բ. Տէր Գրիգորեան՝ Սփիւռքի մէկ նախարարութեան փոխարէն հիմա իրենք պիտի ունենան 12 նախարարութիւն, որոնք պիտի զբաղին Սփիւռքի հարցերով: Նախարարի պարտականութիւնները կատարող պաշտօնեան նկատի ունի գործառոյթներու բաշխումը ըստ ոլորտներու, ուր իւրաքանչիւր նախարարութիւն պիտի արծարծէ իր ոլորտին առնչուող խնդիրները: Ներդրուող համակարգին սեւեռուն հայեացք նետելով պարզ կը դառնայ, որ օրէնքի նախագիծին մէջ սահմանուած եռաստիճան համակարգի բոլոր երեք աստիճանները՝ վարչապետ, գլխաւոր յանձնակատար եւ յանձնակատարի գրասենեակ, իրականութեան մէջ յանձնարարականներ իջեցնողներ են, ո՛չ թէ կատարողներ:

Կատարողները՝ իրականութեան մէջ՝ նախարարութիւններու այս կամ այն ստորաբաժանումներն են: Իսկ թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ կառուցակազմեր պիտի գործեն, ունի՞ն արդեօք նախարարութիւնները նման ստորաբաժանումներ, տուեալներու համահաւաք հիմք, ինչպէ՞ս պիտի տիրապետեն Սփիւռքի բազմաշերտ ու նրբին խնդիրներուն՝ դեռ ոչինչ պարզ է: Ակնյայտ է, որ եթէ պիտի գործէ «Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի ծանօթանայ խնդիրներուն, պիտի ներկայացնէ վարչապետը, վարչապետն ալ՝ իր հերթին՝ գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջոցով յանձնարարականներ պիտի իջեցնէ այս կամ այն նախարարութեան» կառուցակազմը, ուստի անիկա ի սկզբանէ դատապարտուած է ձախողման: Կասկածէ վեր է, որ որեւէ նախարարութեան միջին օղակի վարչութեան որեւէ բաժին կամ այդ ստորաբաժանման որեւէ աշխատակից հազիւ թէ կարենայ իրականացնել այնպիսի ծրագրեր, որպէսզի լուծելի դառնան իր ոլորտին (օրինակ՝ տնտեսական, կրթական եւ այլն) առնչուող հսկայածաւալ խնդիրները:

Միւս կողմէն՝ եթէ բոլոր նախարարութիւններուն մէջ պիտի ստեղծուին Սփիւռքի հետ աշխատանքներու եւ ծրագրերու համակարգման առանձին ստորաբաժանումներ, պիտի աւելնան հաստիքներ ու ծախսեր, ապա ակնյայտ է, որ համակարգը որեւէ իմաստով պիտի վերադառնայ դէպի անցեալ: Կարճ խօսքով՝ եթէ Սփիւռքի նախարարութիւնը «պիտի ցրուի» 12 նախարարութիւններու միջեւ, ուստի ո՞րն էր Սփիւռքի նախարարութեան կրճատման իմաստը:

– Բ. Տէր Գրիգորեան նաեւ յայտարարած է, որ ծրագրային ուղղութեամբ պիւտճէի չտրամադրման պայմաններով՝ պիտի աւելնան գործուղումներուն յատկացուող ծախսերը, որուն շնորհիւ գլխաւոր յանձնակատարը աւելի շատ պիտի այցելէ համայնքներ՝ խնդիրներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու համար: Այստեղ ալ պէտք է փաստել, որ հարիւրաւոր երկիրներու մէջ առկայ հայկական համայնքեր պարբերաբար այցելելը զուտ ճարտարագիտական առումով հնարաւոր չէ, եթէ անգամ այդ այցերը տեւեն ընդամէնը քանի մը օր: Ատիկա կը նշանակէ, որ գլխաւոր յանձնակատարը պարզապէս «պիտի ապրի» դուրսը:

Այստեղ նաեւ Բ. Տէր Գրիգորեանի կողմէ կ՝անտեսուի կամ կը նսեմացուի Սփիւռքի նախարարութեան 10-ամեայ աշխատանքը, որուն ընթացքին ամբարուած են հսկայական տեղեկութիւններ, ՀՀ եւ Սփիւռքի գիտահետազօտական հիմնարկներու տպագրուած հարիւրաւոր ձեռնարկներ, եւ գլխաւոր յանձնակատարը պարտաւոր է ոչ թէ շրջանցելու այդ իրողութիւնը, այլ յենուելով այդ շտեմարանին՝ շարժելու առաջ:

– Ներդրուելիք համակարգի վեր-լուծութիւնը թոյլ կու տայ ենթադրելու, որ, օրինաչափօրէն, իբրեւ Սփիւռքի հետ անմիջականօրէն ծրագրեր իրականացնող գերատեսչութիւններ, հայկական համայնքներ պէտք է այցելեն նախարարութիւնները ներկայացնող պաշտօնեաները, եւ այդ է միակ արդիւնաւէտ ուղին: Այստեղ ալ պէտք է փաստել, որ ամէն երկիր չէ, ուր կրնան դիւրութեամբ եւ առանց դժուարութիւններու այցելել ՀՀ պաշտօնեաները: Շատ են դէպքերը, երբ անհրաժեշտ են յատուկ այցեհրաւէրներ, եւ ինքնակամ (առանց տուեալ երկրի իշխանութիւններուն տեղեակ պահելու) այցելութիւնները առիթ կու տան տհաճ միջադէպերու: Այդպիսի երեւոյթի վառ օրինակ էր ս/թ Փետրուարին ՀՀ ԿԳ նախարար Ա. Յարութիւնեանի այցը Վրաստան, ուր վրացական իշխանութիւններուն կողմէ չարժանանալով ընդունելութեան կամ պատշաճ վերաբերմունքի՝ նախարարը ստիպուած էր այցի կէսէն վերադառնալու Երեւան եւ չմասնակցելու Ջաւախքի մէջ հիմնուած «Արմաթ» կեդրոնի բացման արարողութեան: Վրացական կողմը իր նման խօսքով հասկցուց, որ այսուհետեւ, առանց յատուկ հրաւէրի, ոեւէ պաշտօնեայ պէտք չէ այցելէ երկիր:

Այդպիսով՝ եթէ նախապէս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը լիազօրուած էր եւ կ՝իրականացնէր որոշ ծրագրեր, ուստի ներկայիս Վրաստանի ուղղութեամբ, մեր յստակ համոզումով, որեւէ նախարարութիւն պիտի չի կարենայ իրագործել որեւէ ծրագիր՝ այն պարզ պատճառով, որ այլ երկրի տարածքին մէջ այլ երկրի մը պետական գերատեսչութիւն (արտաքին գործոց, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ այլն) որեւէ ձեռնարկ կամ ծրագիր իրագործելու համար պէտք է ունենայ այդ երկրի իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը: (Յիշեցնենք՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը չունի Սփիւռքի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու լիազօրութիւններ, հետեւաբար, այդ իմաստով նաեւ ընելիքներ): Նման փակուղային իրադրութիւն պիտի առաջանայ բազմիցս, եւ Վրաստանը, բնականաբար, միակը չէ այդ երկիրներու շարքին: Նոր համակարգի ներդրումով, փաստօրէն, այս հողի վրայ եւս հսկայական դժուարութիւններ պիտի առաջանան:

Յանձնախումբը կը փաստէ, որ ՀՀ-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ հապճեպօրէն եւ առանց լայն քննարկումներու կամ, կարելի է ըսել, միանձնեայ որոշումով ներդրուելիք նոր համակարգով կը ստեղծուի անորոշ իրավիճակ: Նշեալ յարաբերութիւններուն մէջ ներքաշուած են ե՛ւ բոլորը ե՛ւ ոչ մէկը, իբրեւ արդիւնք որեւէ օղակ ամբողջական պատասխանատւութիւն պիտի չի կրէ եւ հաշուետու պիտի չըլլայ Սփիւռքի առջեւ:

Համակարգի ներդրումը նաեւ վառ կերպով կ՝արտացոլէ Ն. Փաշինեանի՝ գերվարչապետական համակարգի ստեղծման իրողութիւնը: