Բակօ Սահակեան եւ Արկադի Ղուկասեան Ռոպերթ Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու Խնդրանքով Դիմած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան դիմած են ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանին՝ Մայիս 9-ին ընդառաջ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու խնդրանքով: Այս […]

Ճափոն Հայաստանին Հրշէջ Մեքենաներ Կը Տրամադրէ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած է Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) կողմէ Հայաստանին տրամադրուած հրշէջ մեքենաներու ներկայացման արարողութեան: Ճափոն Հայաստանին տրամադրած է 14 հրշէջ մեքենայ, 3 սանդուղքաւոր մեքենայ եւ 1 […]

ՀՀ Զինուած Ուժերու 1-ին Զօրամիաւորման Մէջ Տեղի Ունեցած է Հրասայլային Հրաձգութիւն

ՀՀ զինուած ուժերու 1-ին զօրամիաւորման զօրամասերէն մէկուն մէջ դաշտային զօրավարժութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած է հրասայլային ծրագրուած հրաձգութիւն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ կայքը: Կը նշուի, որ վարժութիւնները կատարուած են […]

Ստեփանակերտի Երթուղիներուն Մէջ Տեսախցիկներ Կը Տեղադրուին

Մայիս 6-էն Ստեփանակերտի շարք մը հասարակական երթուղիներու մէջ տեղադրուած են տեսախցիկներ: Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է «Ստեփանակերտ Սերվիս» ընկերութեան տնօրէն Լեւոն Չալեան եւ աւելցուցած, որ իրենց ընկերութեան 28 հանրակառքերէն […]

Մայիսեան Տօներուն Նուիրուած` Ստեփանակերտի Մէջ Համերգ

Մայիս 6-ին, Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած Պարի միջազգային օրուան եւ Մայիսեան եռատօնին: «Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` հանդիսութեան ելոյթ ունեցան Ստեփանակերտի պարարուեստի քոլեճի տարբեր տարիքային […]

Մարութեան Որոշած Է Իր Եւ Քաղաքապետարանի Անձնակազմի Աշխատավարձը Աւելցնել

Երեւանի քաղաքապետը որոշած է անակնկալ ընել բոլորին եւ անսպասելիօրէն բարձրացնել քաղաքապետարանի աշխատողներուն, ներառեալ՝ իր աշխատավարձը: Ըստ Չորեքշաբթի, 8 Մայիսին, Երեւանի աւագանիի նիստին ներկայացուելիք նախագիծին՝ Հայկ Մարութեան նախկին 575 հազար դրամի […]

Դոկտ. Քարին Մարքիտես՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նոր Տնօրէն

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը հաղորդէ, թէ հաստատութեան նոր տնօրէն նշանակուեցաւ դոկտ. Քարին Մարքիտես, որ պաշտօնը ստանձնեց վերջին հինգ տարիներուն այդ պաշտօնը վարած դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանէն։ Դոկտ. Մարքիտես, որ ընտրուեցաւ […]

Հայաստանի Բնակչութեան Այսօրուան Թիւը

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տեղեկութեան համաձայն՝ Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 1 Ապրիլ 2019-ի դրութեամբ՝ 2 միլիոն 962.1 հազար է: Քաղաքներու բնակիչներուն թիւը 1 միլիոն 893.4 հազար է, իսկ գիւղերունը՝ […]

«Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Համաժողով` Ստեփանակերտի Մէջ

Մայիս 7-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ժողովը, ուր պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու հարցեր: ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ […]

Գանատայի Հայ Դատի Յանձախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Գանատայի Դեսպանատան Գործակատար Տիկ. Անիք Կուլէի հետ

Մայիս 3-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի դեսպանատան գործակատար տիկին Անիք Կուլէի եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու […]